Նախանցեալ տարիներու նման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ, շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները, անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ Աստուածահաճոյ գործունէութիւնը:
Այցելութեան հիմնական նպատակն է, մօտէն ծանօթանալ
-ԼՕԽ-ի կամաւոր գործունէութեան
-ԱՊԸԲ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն
-ԼՕԽ-ի պատմականին
-Քաջալերելու աշակերտները (ամրան ընթացքին), որ իրենց ներկայութեամբ մասնակցութիւն բերեն կեդրոնէն ներս մատուցուած ծառայութիւններուն
Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018-ի, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտները, իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին` Անի Պիլալեանի ընկերակցութեամբ ներկայացան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն։
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեան, ներկայացուց ԼՕԽ-ի պատմականը ծննդոցէն մինչեւ այսօր: Ան անդրադարձաւ 26 մասնաճիւղերուն եւ 14 յանձնախումբերուն գործունէութիւններուն, շեշտը դնելով կամաւոր ծառայութեան, ապա պաստառի վրայ բացատրեց ԼՕԽ-ի նշանակը:
Ցուցադրուեցաւ ԼՕԽ-ի տարիներու աշխատանքը ցոլացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք աշակերտները մեծ կարգապահութեամբ շրջեցան կեդրոնի բոլոր յարկերը: Անոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին եւ գնահատական խօսքերով ու հայ ազգի գոյերթը շարունակելու խոստումով մեկնեցան կեդրոնէն:



