Կազմակերպոպթեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանի յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 5 Մարտ 2018-ին, գրադարան այցելեց օրդ. Փաթիլ Մկրտիչեան եւ աշակերտներուն ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանը, սկսելով կեսագրականէն: Ան հետաքրքրական մէջբերումներ կատարեց անոր ընտանիքին, ընկերներուն, կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն, շեշտելով մանկական գրականութեան ոլորտը, մասնաւորաբար հեքիաթները:
Քանի մը աշակերտներ պատմեցին իրենց ծանօթ հեքիաթներ եւ միասնաբար զրուցեցին հեքիաթի հերոսներուն եւ փոխանցուած բարոյագիտութեան մասին:
Ապա, օրդ. Մկրտիչեան ինք պատմեց քանի մը հեքիաթ եւ աշակերտներուն բաժնեց իր կողմէն պատրաստուած «Կար Ու Չկար» Թումանեանի հեքիաթներուն ձայներիզներ:
Թումանեանի ուրախ, երգիծական հեքիաթներու ընդմէջէն, աշակերտները ունեցան հաճելի պահեր ու հարստացան նոր գիտելիքներով:
Հանդիպումի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:







