«Կնոջական Հիւանդութիւններ Եւ Համապատասխան Քննութիւններ»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կնոջական հիւանդութիւններ եւ համապատասխան  քննութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ տարիքի յառաջացման հետ մեր մարմնին մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան փոփոխութիւններ, հիւանդութիւններն ու բարդութիւնները կը բազմանան: Այդ պատճառով յատկապէս իգական սեռը հարկ է որ լաւ խնամէ իր մարմինը եւ գուրգուրայ առողջութեան` առողջ կեանք մը ունենալու համար: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ հրաւիրեց զայն, որպէսզի մանրամասնօրէն անդրադառնայ  կեանքի իւրաքանչիւր շրջանի առանձնայատկութիւններուն եւ պահանջուած պարտադիր քննութիւններուն:

Տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան նշեց, որ պիտի անդրադառնայ ծնունդէն մինչեւ վերջ պահանջուած պարտադիր եւ կանխարգելիչ քննութիւններուն: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ այն քննութիւններուն, զորս հարկ է կատարել նախքան ամուսնութիւն: Այսպէս`

1.- Վարակիչ հիւանդութիւններու քննութիւններ,
2.- Արեան քննութիւն` ճշդելու համար արեան խմբաւորումի բացասական կամ դրական ըլլալը,
3.- Թաալասեմիայի քննութիւն:

Երբ զոյգը ամուսնանայ եւ կինը մինչեւ մէկ տարի չյղանայ, հարկ է դիմել բժիշկին: Տղամարդը, առանց խուսափելու, պէտք է կատարէ  սերմի քննութիւն, իսկ կինը` հորմոններու քննութիւն:

Յղութենէն երկու ամիս ետք, կինը, ամսական դրութեամբ, մինչեւ երեխային ծնունդը, հետեւի բժիշկի ցուցմունքներուն, որ պիտի կատարէ անդրձայնային քննութիւնը, չափէ երեխային վիզին հաստութիւնն ու երկայնքը, երրաչափ քննութիւնը` տեսնելու պզտիկին դէմքը, իսկ մեծ տարիքով կիներու պարագային` thriple քննութիւնը:

Ծնունդէն մինչեւ արբունքի շրջան` ծնողքը  չխուսափի բոլոր պատուաստումները կատարելէն, իսկ սեռային հասունացման շրջանին լաւապէս հետեւի զաւկին մարմնական փոփոխութիւններուն եւ առողջապահական երեւոյթներուն:

Խօսելով քաղցկեղային հիւանդութիւններուն մասին` դասախօսը անհրաժեշտ նկատեց հերթականօրէն կատարել տարբեր ախտորոշիչ քննութիւններ, ինչպէս` ապակեայ քննութիւնը, մամոկրաֆին,  որոնցմով կանուխ ախտորոշելով հիւանդութիւնը` կարելի է հասնիլ լաւագոյն բուժման եւ ընդհանրապէս հիւանդութիւններու վերացման:

Դաշտանադադարի շրջանը իր բնական ընթացքը կը սկսի 45 տարեկանէն մինչեւ 55 տարեկան: Անհրաժեշտ է, որ այս փուլին կինը ունենայ իր զբաղումները, ինչպէս` մարզանք, քալել եւ լողալ: Դաշտանադադարէն ետք արգանդի արիւնի առկայութեան կամ կուրծքի արտադրութեան պարագային պէտք է դիմել մասնագէտ բժիշկի:

Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ յառաջացած տարիքին կատարուելիք կարգ մը անհրաժեշտ քննութիւններու`

1.- Ոսկրափխրութեան քննութիւն,
2.- Տղամարդկանց մօտ արեան PCA քննութիւն,
3.- Colonoscopy,
4.- Կենսանիւթ Տէ-ի քննութիւն:

Դասախօսութեան աւարտին, դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: