Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տնային Բռնութիւն» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց «Էլ. Էյ. Եու» համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէն դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ 1991 թուականին կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը առաջին անգամ ըլլալով նախաձեռնեց 16 օրուան քարոզարշաւներու, որոնք տեղի կ'ունենան ամէն տարի Նոյեմբեր 28-էն 10 Դեկտեմբեր եւ կ'ընդգրկեն տարբեր նիւթերով դասախօսութիւններ, որոնց գլխաւոր նիւթերէն մէկը կ'ըլլայ այսօրուան մեր դասախօսութեան նիւթը: Դարերու ընթացքին դասակարգերու միջեւ անհաւասարութիւնը եւ կիներու շահագործումը միշտ գոյութիւն ունեցած են: Կինը այն անհատն է, առանց որուն կեանքը չի կրնար գոյատեւել: Ան իր շրջապատին մէջ սէր եւ գուրգուրանք կը տարածէ, պէտք չէ անոր հետ վարուիլ բռնութեամբ եւ շահագործումով: Եթէ կ'ուզենք առողջ ընկերութիւն ունենալ, պէտք է գուրգուրանք կնոջ վրայ եւ պաշտպանենք անոր իրաւունքները: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը, որպէսզի յաւելեալ բացատրութիւններով եւ օրինակներով ներկայացնէ դասախօսութիւնը:
Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի դասախօսութեան սկսաւ ըսելով, որ «Ընտանեկան Բռնութիւն» կամ «Տնային Բռնութիւն» ուսումնասիրողները յաճախ կը քննդատուին, որովհետեւ կ'ըսուի, թէ ատիկա ընտանեկան հարց է: Ան աւելցուց ըսելով, որ դժբախտաբար այս ձեւով կիները աւելի կ'ընկճուին եւ իրենց ընտանիքին ու զաւակներուն հոգ չեն կրնար տանիլ:
Սահմանելով տնային բռնութեան իմաստը դասախօսուհին ըսաւ, որ տնային բռնութիւն կը համարուի, երբ ամուսնացած զոյգերէն մէկը, դիտմամբ վնաս կը հասցնէ իր կողակիցին: Առ հասարակ տղամարդն է, որ կը դիմէ բռնութեան եւ կինը կ'ըլլայ զոհը: Ան իր փորձառութենէն օրինակներ բերելով բացատրեց տնային բռնութեան տեսակները:
Ընտանեկան կամ տնային բռնութիւնը կ'ըլլայ
- Ֆիզիքական .-հարուածել, ծեծել, աքացել կամ իրեր նետելով վնաս հասցընել
- Սեռային.- բռնի սեռային յարաբերութիւն ունենալ
- Զգացական.-բառերով նախատել դիմացինը, ինչպէս պոռալ, հայհոյել, սպառնալ
- Տնտեսական.-նիւթական պարտաւորութիւնը կասեցնել
Դոկտ. Քուլուիքի խօսեցաւ նաեւ բռնութեան պատճառներուն մասին, թէ անոնք կը պատահին այն անհատին մօտ, որ կ'ուզէ հսկել իր կողակիցին վրայ, ղեկավարել զայն, ինքզինք արժեւորել, կ'ունենայ սաստիկ նախանձ, բարկութիւնը զսպելու դժուարութիւն, իր կողակիցէն ստորադաս ըլլալու զգացում եւ իգական սեռը անհաւասար կը համարէ արական սեռին:
Դասախօսուհին եզրափակեց ըսելով, որ ներկայիս ստեղծուած են կազմակերպութիւններ, որոնց առաքելութիւնն է օգնել տնային բռնութեան զոհերուն, գիտակից դարձնել եւ ուղղել զանոնք, ինչպէս նաեւ վստահութիւն ներշնչել անոնց դիմադրելու:
Աւարտին ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` օրինակներ եւ բացատրութիւններ տալով:








