Առողջապահական Գիտելիքներու Փոխանցում

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը 2016-2017 տարեշրջանի ընթացքին իր աշխատանքներու ծիրէն ներս, կազմակերպեց նաեւ դասախօսութիւններ հայկական վարժարաններէ ներս: Ընդառաջելով վարժարաններէն եկած առաջարկներուն, յանձնախումբի ընկերուհիները ներկայացան վարժարանները եւ փոխանցեցին առողջապահական գիտելիքներ:

Տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները.-

  • 10 Մարտ 2017-ին, «Սեռային դաստիարակութիւն (Արբունք)» թեմայով՝ դասախօսեց նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ ընկհ. Վերժին Խորշիտեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութեան:
  • 30 Մարտ 2017-ին, «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգները» թեմայով եւ Powerpoint-ի գործածութեամբ՝ դասախօսեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ վարժարանի ծնողներուն:
  • 6 Ապրիլ 2017-ին, «Սեռային դաստիարակութիւն (Արբունք)» թեմայով՝ դասախօսեց նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ ընկհ. Վերժին Խորշիտեան, Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութեան:
  • 19 Մայիս 2017-ին, «Շտապ Օգնութիւն» նիւթով՝ դասախօսեց տոքթ. Ալինա Քէշիշեան,Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաներուն: