ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, անդամուհիներու եւ հիւրերու:

Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին դէպի Ժպէյլի «Շամսին» փուռը, ուր մասնակիցները ունեցան իրենց նախաճաշը: Ապա շարունակեցին դէպի Թաննուրին վայելելու Պալուու Պալաա բնական տեսարժան վայրը, Տումայի՝ հին շուկան եւ Մար Սմաան եկեղեցին: Կէսօրուան ճաշը ճաշակեցին Քֆիֆէնի Ալ հըլըմ ճաշարանին մէջ:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ան ըսաւ.- «Որքան ալ ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը սուրբ ըլլայ եւ կամաւորներու շարքերը խիտ, առանց ժողովուրդին քաջալերանքին անոր գործունէութիւնը պիտի կաղայ»: Ապա, Ընկհ. Աննայեան մաղթեց, որ բոլոր ներկաներուն աղօթքներն ու խնդրանքները լսելի դառնան:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ եղան բազմաթիւ բախտաւորներ: Շրջապտոյտը աւարտեցաւ Հարտինի եւ Ռաֆքա սուրբերու վանքերուն այցելութեամբ: