Ընկերային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) նորընտիր վարչութեան կազմակերպած առաջին ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Աննա Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, շրջանի ընկերուհիներուն եւ գնահատեց անոնց ներկայութիւնը:

Ձեռնարկին հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտը քաջալերեց ներկաները կատարելու նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: