Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Բացման խօսքը արտասանեց Շողիկ Խաչատուրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Ոսկիէ ծիրան» շարժապատկերի այս տարուան փառատօնին ոսկիէ ծիրան մրցանակի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ներկայ ժամանակի մարդկութիւնը տագնապեցնող հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…
ԱւելինՀինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Լ. Օ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան։ Այցելութեան նպատակն էր ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը և թելադրանքները։ Լ. Օ. Խաչի վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեցին յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց աշխատանքի ծրագիրը։ Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Օգնութեան Խաչի ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն և…
ԱւելինՀայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Հայաստան Սփիւռք» 5-րդ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 18-էն 21 Սեպտեմբեր 2014-ին, Երեւանի մէջ, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը ներկայացուց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Թալին Գըլպաշեանը: Ժողովին ներկայ եղան զանազան վարչութիւններու եւ միութիւններու սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ ներկայացուցիչներ, ուր արծարծուեցան ու քննարկուեցան հետեւեալ հարցերը.- Հայոց…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Սեպտեմբեր 2014-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիրուն վարդապետեան-ի, մասնակցութեամբ Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիներու ,համակիրներու եւ հրաւիրեալներու, թիւով 83 հոգի: Պտոյտը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մօտէն, առաւօտեան ժամը 8:30-ին , ուղղուելով դէպի ‘’ Պաթրուն’’-ի գեղեցիկ ծովեզերեայ 4 եկեղեցիները`’’ Մար…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որուն ներկայ էին աւելի քան 1000 հայրենակիցներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւանդութիւն դարձած այս երեկոն «տոհմիկ» անուան տակ պիտի մնայ յուշարարը մեր…
ԱւելինՀինգշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30 –ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս, ‘’Զալքա’’, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը նախաձեռնեց իր առաջին ձեռնարկը « Նախաճաշ-Հաւաքով » մը : Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գլըճեանը, ան բարի գալուստ մաղթեց շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն ու բոլոր ներկաներուն, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց վարչութեան տարեկան…
ԱւելինԼ.Օ.Խ- ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր դռները բացաւ որպէս ամառնային շրջան Երկուշաբթի 3Օ Յունիս 2014- ին….. Հոն 4Օ փոքրիկներ 6-12 տարեկան ամէնօրեայ դրոթեամբ կը մասնակցին գրադարանի ամառնային դասընթացքներուն : Դասացուցակը կ՝ընդգրկէ՝ Հայերէն գիրքի ընթերցանութիւն Ամառնային Դպրոցական պարտականութիւններ Խաղեր Համակարգիչի գործածութիւն Գծագրութիւն-- ներկ Ձեռային աշխատանք Պտոյտներ Հիւրասիրութիւն Ամէն Ուրբաթ Զարգացման…
ԱւելինՅունաստանի Խալքիտիքիի ամարանոցը ՀՕՄի 5 ամարանոցներէն մէկն է…..որ արդէն 25-րդ շարունակական տարին ըլլալով, իր դռները բացաւ 9- 27 Յուլիս 2014 –ին , հիւրընկալ գիրկին մէջ ընդունելով աւելի քան 100 պատանի- պարմանուհիներ Աթէնքէն , Գոքինիայէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն : ՀՕՄ-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւը եւ հոգատարութիւը վայլող սոյն ամարանոցը հայապահպանման եւ ազգային դաստիարակութեան…
ԱւելինԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան 55-րդ Պատգմ. ժողովը տեղի ունեցաւ 11-12 եւ 13 Յուլիս 2014-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ մասնաճիւղերէ ընտրուած իրաւասու ձայնով 77 պատգամաւորներու, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Ռէյիսեանի, Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի, Շրջ. Վարչութեան եւ ժողովին կողմէ ընտրուած խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու եւ…
ԱւելինՀինգշաբթի, 10 յուլիս 2014-ի առաւօտեան Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ պատուոյ հիւպատոս Պրայն Ստիվըն Ֆերա, ընկերակցութեամբ` Մաթէաս Ուիլքսի, այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակ: Անոնք շրջեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացան կեդրոնի սպասարկութիւններուն ու աշխատանքներուն: Առիթ ունեցան նաեւ տեսակցելու Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ, յաւելեալ…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 8 յուլիս 2014-ին, Լիբանանէն 11 պատանիներ, պարմանուհիներ եւ օգնական մը մեկնեցան Յունաստան` մասնակցելու համար ՀՕՄ-ի պատանիներու փոխանակման ծրագիրին: Խալքիտիքիի ճամբարին բազմիցս մասնակցութիւն ունեցած են Լիբանանէն պատանի-պարմանուհիներ: Երեք շաբաթներու ընթացքին զանազան գաղութներէ հայ պատանի-պարմանուհիներ պիտի մէկտեղուին ՀՕՄ-ի հովանիին ներքեւ եւ միասնաբար հաճելի ժամեր անցընեն: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ…
ԱւելինՊէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, Ընկերային Արդարութիւն Բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան Ֆինանսաւորումով եւ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ գաղթական սուրիահայութեան ընկերային պայմաններու բարելաւման ի նպաստ կազմակերպուեցան առողջապահական, դաստիարակչական, խոհանոցի եւ ձեռարուեստի դասընթացքներ-դասախօսութիւններ ԱՊԸԲ կեդրոնի « Թնճուկեան» սրահին եւ Այնճարի «Աղթամար»…
Աւելին24 Յուլիս 2014-ին իւրայատուկ իրագործում մը աւելցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ շրջանի բնակիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողքին գտնուող տարածքը, ուր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գետնայարկ նոր բարեզարդուած սրահի մը մէջ բացումը կատարուեցաւ «Տարեցներու Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան սրտի ճաշարան»-ին…
ԱւելինՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2014 տարին «Հայ Տարեցներու Տարի» յայտարարութեան առիթով ,հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերա-Բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, 20 Յունիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէին ժամը 12:00 ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերա-բժշկական կեդրոնի ‘’Թնճուկեան’’ սրահին…
ԱւելինՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2014 տարին «Հայ Տարեցներու Տարի» յայտարարութեան առիթով ,հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերա-Բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, 20 Յունիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէին ժամը 12:00 ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերա-բժշկական կեդրոնի ‘’Թնճուկեան’’ սրահին…
ԱւելինՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէի քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, Կիրակի 1 Յունիս կէսօրուան ժամը 12։00-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին, Ֆրըն Շըպպաքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք հոգեհանգստեան արարողութիւն , որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան՝ հոգեհանգստեան արարողութիւններէն ետք , ծաղկեպսակներ զետեղուեցան 1918-ի անկախութիւնը կերտող անձնաւորութիւններուն, որուն իր…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը սրտի պարտք համարեց, որ իր այցելութիւններուն առաջինը ըլլայ ՔԱՀԼ-ի կեդրոն` մեր սիրասուն մամիկներուն, անսալով Արամ Ա. վեհափառի կոչին, որ 2014 տարին «Տարեցներու տարի» հռչակեց եւ պատգամեց յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել ծերին: Ուստի, վարչութիւնը ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի առաւօտուն ՔԱՀԼ այցելեց` օրուան մը ճաշի ծախսը ստանձնելով: Նախապէս որոշուած կարգադրութեամբ, աւելի քան…
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ 30 Մայիս 2014-ի կ.ե. ժամը 3:00-ին, Ճաշարան «Ռազմիկ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Համբարձման հաւաքոյթ: Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որ շեշտը դրաւ ազգային մշակոյթի պահպանման համար կատարուելիք աշխատանքներուն վրայ բոլոր միութիւններուն կողմէ, որպէսզի գոյատեւէ հայութիւնը եւ սերունդը մեծնայ գիտակցելով իր ազգային պատկանելիութեան…
ԱւելինՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի» յայտարարելով, որ ասիկա կը մեկնի այն իրողութենէն, որ տարեց սերունդը աւիշն է մեր ընկերութեան, հիմքը ընտանիքին եւ զօրեղ կռուաններէն մէկը որեւէ կազմակերպութեան` անհրաժեշտութիւն նկատելով անոնց նկատմամբ ցուցաբերել հոգածութիւն, սէր, խնամք եւ յարգանք: Առ այդ, Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը` որպէս իր ժամանակաշրջանի եզրափակիչ ձեռնարկ, 29…
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
ԱւելինԼիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի կնկան Տիկին Լամայի հրաւէրով Չորեքշաբթի 7 Ապրիլ 2014-ին կէսօրէ ետք ժամը 5-ին ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերուհիներ՝ Մարալ Յովհաննէսեան եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան ներկայ գտնուեցան Վարչապետարանէն ներս Տիկին Լամայի կազմակերպած «Յարգանք Լիբանանցի մերՏարեցներուն» խորագրով հաւաքին: Տարեցներու առողջութեան վերաբերեալ մասնագէտ բժիշկ մը եւ երկու հմուտ հիւանդապահուհիներ պարզեցին ներկայ զանազան…
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
Աւելին






















