"Տարեցներու Առողջապահական Օր" 2014

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2014 տարին «Հայ Տարեցներու Տարի» յայտարարութեան առիթով ,հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերա-Բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, 20 Յունիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէին ժամը 12:00 ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերա-բժշկական կեդրոնի ‘’Թնճուկեան’’ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ’’Առողջապահական օր’’ մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ արեան շաքարի, քոլեսթերոլի, թրիկլիսերիտի, ճարպերու (HDL & LDL), արեան ճնշումի քննութիւններ եւ սրտի ժապաւէն, մեր ազգի տարեցներուն։ ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեծ թիւով ազգայիններ, 60 տարիքը բոլորած, ներկայացան Ա. Պուլղուրճեան ընկերա-բժշկական կեդրոն եւ օգտուեցան այս բացառիկ օրուայ անվճար տրուած սպասարկութիւններէն։ Արդարեւ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն՝ տարեցներուն թէ կարիքաւորներուն առողջութեան հոգածութիւնը Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է։ ԼՕԽ-ը միշտ պատրաստ է նման նախաձեռնութիւններու յանուն ազգի բարօրութեան։