ԼՕԽ-ի  «Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Գործունէութիւններէն (2014)

Լ.Օ.Խ- ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր դռները բացաւ որպէս ամառնային շրջան Երկուշաբթի 3Օ Յունիս 2014- ին…..
 Հոն 4Օ փոքրիկներ 6-12 տարեկան ամէնօրեայ դրոթեամբ  կը մասնակցին գրադարանի ամառնային դասընթացքներուն :

 

 

Դասացուցակը կ՝ընդգրկէ՝

  • Հայերէն գիրքի ընթերցանութիւն
  • Ամառնային Դպրոցական պարտականութիւններ              
  • Խաղեր
  • Համակարգիչի գործածութիւն
  • Գծագրութիւն-- ներկ
  • Ձեռային աշխատանք
  • Պտոյտներ
  • Հիւրասիրութիւն
  • Ամէն Ուրբաթ Զարգացման Մրցում ընդհանուր շաբթուայ  իրենց սորվածներէն: 

Առաջին Պտոյտը  տեղի ունեցաւ դէպի Աննայա Ս. Շարպէլի Վանքը Չորեքշաբթի 16 Յուլիս 2014-ին առաւօտեան 8:30-էն կ.ե. 2:30:

Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան հովանիին տակ գտնուող եւ անոր հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր  ամառնային շրջանը աւարտեց պտոյտով մը դէպի Mc Donalds ճաշարան:

Հինգշաբթի 11/9/2014  կ.ա. ժամը 10:00-ին աշակերտները ուղղուեցան դէպի ճաշարան ուր 3 ժամ տեւողութեամբ խաղցան ճաշեցին եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան գրադարան: