Նախաճաշ-Հաւաք

Հինգշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30 –ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս, ‘’Զալքա’’, ԼՕԽ-ի  «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը նախաձեռնեց իր առաջին ձեռնարկը « Նախաճաշ-Հաւաքով » մը :

  Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գլըճեանը, ան բարի գալուստ մաղթեց շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն ու   բոլոր ներկաներուն, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց վարչութեան տարեկան ծրագիրը, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր  ընկերուհիներուն ըսելով՝  դուք ձեր ներկայութեամբ կը քաջալերէք մեզ ու մեզի կը ներշնչէք բարի զգացումներ, լաւատեսօրէն եւ նոր մտայղացումներով  բարելաւելու ու շարունակելու մեր  տարեկան ծրագիրը:

Ապա հրաւիրեց օրուայ դասախօսուհի ՝Տօքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները խօսեցաւ նորահաս սերունդի,  ֆիզիքական եւ բարոյական կազմաւորման, վտանք հանդիսացող բոլոր երեւոյթներու մասին`
* Արկածներու վտանգներ

*Արհեստագիտութեան վտանգներ

*Ընկերային միջավայրի վտանգներ

դաստիարակութիւնը ըսաւ ան :’’ պէտք է սկսի փոքր տարիքէն որպէսզի ապագան կարելի ըլլայ երաշխաւորել’’:

Ապա շարունակեց ըսելով, ‘’մենք կը գտնուինք ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին , որ 100 տարի առաջ կը սպառնար «Սեւ ջարդով» մեր ֆիզիքական գոյութեան, այսօր, տեղի կ՛ունենայ ճերմակ ջարդը, 21-րդ դարու արհեստագիտութիւններու միջոցաւ:Եւ  կոչ ուղղեց մայրերուն որ զգօն ըլլան , հսկեն ու հետապնդեն իրենց զաւակները հեռու պահելու ընկերային միջավայրի վտանգներէն, համակարգիչի աւերիչ վտանգներէն, օգտուելով հանդերձ անոր ընծայած բարիքներէն ու կարելիութիւններէն եւ նորութիւններու ընդունումը  չմերժելով հանդերձ ըսաւ ան, պէտք է հեռու մնանք աւելորդ ձեւակերպութիւններէ, որ կը շլացնէ մեր զաւակները ու կը հեռացնէ գոհունակութեան՝ ազնիւ զգացումէն’’:

Դասախօսութեան աւարտին  ան նիւթին առնչութեամբ թերթիկներ բաժնեց ներկաներուն:

Հայկական երաժշտութեան կշռոյթով, վարչութեան ընկերուհիները ջերմ ընդունելութեամբ եւ հիւրընկալ արտայայտութիւններով սպասարկեցին օրուան նախաճաշը :

Ձեռնարկին ջերմ ու հարազատ ընտանեկան մթնոլորտը ուրախութիւն ներշնչեց ներկաներուն, որոնք դրսեւորուեցան նուիրատուութիւններով: