ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2014-ին, «Շուշի»ակումբի սրահէն ներս: Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան: Հայկական երաժշտութեամբ ընթացաւ ձեռնարկը: Վիճակաձգութենէն ետք ընկերուհիները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:
ԱւելինՈւրբաթ 27 Նոյեմբեր 2014 –ին ‘’Ժպէյլի’’ ‘’Հայ Կեդրոն’’-ին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի’’ Սօսէ’’ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը, որմէ անմիչապէս ետք , մասնաճիւղի Հերթական Ա ժողովը: ԼՕԽ-ի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Ներկաներուն բաժնուեցաւ ՀՕՄ-ի 100-ամեայ Յուշամատեան գիրքը, ‘’Հայ Սիրտ’’ ամսագիրը եւ ԼՕԽ-ի 2015–ի օրացոյցը որ գնահատանքի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի «Աշնանային Հանդիպումը»ը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2014-ին, «Սարդարապատ» ակումբի սրահէն ներս,ներկայութեամ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ բազմաթիւ ընկերուհիներու: : Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուկ Քիւփէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան: Ապա հրաւիրեց ընկհ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ո՞ւր պահուըտած են մանրէները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Եափուճեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Շաքարախտաւորին առողջապահական հարցերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուցին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն Թամար Աւետիսեան- Մկրտիչեան եւ Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով…
ԱւելինԱղաւնի Փափազեան մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ13-նոյեմբեր 2014-ին,առաւօտեան ժամը 10:30 ին, «խան Էլ Ուարտ» ճաշարանին մէջ Զալքա: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն վերջ Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ընկերուհիին,ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն,մասնաճիւղի անդամուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն: Ապա հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի մարդասիրական ծաւալուն…
ԱւելինՀայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը ծրագրած է հայ աշակերտութեան ծանօթացնել ԼՕԽ-ը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնը, հրաւիրելով հայկական վարժարաններու 10-րդ դասարանի աշակերտները: Յանձնախումբի ընկերուհիները ներկայացան բոլոր դպրոցներու տնօրէններուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջեցին: Երկուշաբթի 10 Նոյեմբեր 2014-ին , Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանի աշակերտները, իրենց դաստիարակի…
ԱւելինԼՕԽ-ի “ Ա. Ազիրեան” մասնաճիւղի «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 4 Նոյեմբեր 2014-ին, Ազիրեան ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահէն ներս։ Մասնաճիւղի ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն մասնակցութեան։ Հայկական երաժշտութեամբ ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացուց Սեդօ Պաղտասարեան։ Վիճակահանութենէն ետք ընկերուհիները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան։
ԱւելինՈւրբաթ 8 Նոյեմբեր 2014-ի Կ.Ա. ժամը 10:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի տարեցներու հաւաք մը թէյասեղանի շուրջ, կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին: Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Քնար Գամպէրեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ Լ.Օ.Խ.-ի տարած մարդասիրական աշխատանքներուն որմէ ետք ան հրաւիրեց օրուայ դասախօս՝ Հիւանդապահուհի Տիկ. Մարի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ոտքի երակներու հիւանդութիւններ» խորագիրով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ…
ԱւելինՀինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ին, Արցախի «Մենք Եւ Մեր Սարերը» երգի համոյթը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Խումբի անդամները տեսակցելով Շրջանային Վարչութեան անդամներուն հետ տեղեկութիւններ ունեցան ԼՕխ-ի գործունէութեան մասին, ապա շրջելով կեդրոնին մէջ, ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն եւ սպասարկութիւններուն: Կէսօրին, անոնք ճաշի հիւրը եղան Շրջանային Վարչութեան: Հանդիպման աւարտին գնահատեցին Լիբանանահայ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Մարեուսեֆի ակումբի «Սարգիս Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ 55 ներկաներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Աստղիկ Կիտիկեան կարդաց բացման…
ԱւելինԼՕԽի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 24 Հոկտեմբեր 2014, Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ, Ֆանարի ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիին, հրաւիրեալներու եւ 90 ներկաներու։ Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ալին Քէշիշեան։ Օրուայ դասախօսուհին էր ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեան, որ լայն բացատրութիւն տուաւ ծաղիկներու խնամքի մասին…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան այս տարուան ընկերային Բ. Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրէն ներս, ներկայութեամբ 90 ընկերուհիներու: Բացման խօսքին մէջ ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Գարայեան, անդրադարձաւ ԼՕԽ-ականներու կամաւոր ծառայութեան, շեշտելով, որ անոնց գործն է որ կը խօսի: Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ դերասան…
ԱւելինՀինգշաբթի 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ժտէյտէյի ԼՕԽի «Անի» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկն էր, առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Անի» ակումբին դիմացի հանրապարտէզին մէջ։ Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, յանձնախումբերէ եւ ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ եւ հիւրեր։ Մեղմ կլիման ու հայկական երգերու մթնոլորտը պարտէզին մէջ հաճելի էր։ Վարչութեան ատենապետուհին բացման խօսքով նշեց, թէ «Եղեռնի 100 ամեակի նախօրեակին ենք, հայուն…
ԱւելինՆախաճաշ – Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի « Կարս» մասնաճիւղի նախաճաշ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի , 30 հոկտեմբեր 2014 –ին , կ.ա ժամը 10:00-ին , «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ 80 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Օրուայ դասախօսն էր սննդագէտ տիկ. Անի Տէյէրմէնճեան, որ օգտակար գիտելիքներ փոխանցեց առողջ սննունդ ստանալու համար :
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ապականած ջուրի գործածութենէ յառաջացած հիւանդութիւններ» խորագիրով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պալամանտ համալսարանէն Պաշայեր Մատի: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետ…
ԱւելինԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղ – Մար Մխայէլ Հակառակ երկրին տնտեսական քաղաքական դժուարութիւններուն ԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ներքին ձեռնարկ մը ՀՅԴ Տիգրան Ծամհուր ակումբէն ներս Հինգշաբթի 16 Հոկտեմբեր 2014-ին։ Այս մէկը առիթ մը եղաւ ընկերուհիներուն մոռնալու իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները։ Ներկայ էին ԼՕԽի Շրջ. Վարչութենէն ներկայացուցիչներ քոյր մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներ, շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Կաթուածներու տեսակները եւ անոնց հետեւանքները» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի։ Այցելութեան ընթացքին Շրջանային Վարչութեան ատենապետը Սրբազան Հօր ներկայացուց յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքի ծրագիրը։ Արծարծուեցան գաղութը յուզող տնտեսական, կրթական, ընկերային, ինչպէս նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակելու հարցեր։ Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 2-րդ միջ-վարչական ժողովը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 18-19, 2014-ին, Լոնտոն- Մեծն Բրիտանիա , ‘’Նաւասարդեան ‘’ Կեդրոնին մեջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Վիքի Մարաշլեանի եւԿՎ անդամ՝ ընկ.հիներ Լիզա Աւագեանի եւ Ալեսիա Բեջանյանի ,Ժողովին մասնակցեցան Հ.Օ.Մ.ի Լիբանանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի , Պուլկարիոյ, Սթոքհոլմի, Կիպրոսի միաւորներու վարչականներ…
Աւելիներկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինին համագործակցութեամբ միջազգային ՕՐԱ կազմակերպութեան տրամադրած նպաստներու բաշխումը 350 սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու, որոնք ապաստանած են Լիբանան: Ասիկա երրորդ անգամն է, որ ԼՕԽ-ի միջոցով…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Կենսանիւթերու եւ հանքայիններու հաւասարակշռութեան կարեւորութիւնը մեր առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց…
ԱւելինԼիբանանահայ Օգնութեան Խաչի , Պաուշրիէի ’’Արազ’’ մասնաճիւղի ,տարեկան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2014-ին , առաւօտեան ժամը 10:00-ին ,’’Սօսի Մարտիկեան’’ սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանի, շրջանէն 45 ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն վերջ, վարչութեան ատենապետուհի՝ Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու խնդրեց…
Աւելին






















