Դասախօսութիւն` «Ոտքի Երակներու Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ոտքի երակներու հիւանդութիւններ» խորագիրով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան նշեց, որ արիւնը մարմնի բոլոր գործարաններուն կը հասնի արեան շրջագայութեամբ` հայթայթելով սնունդ եւ թթուածին բոլոր բջիջներուն: Այս շրջանառութիւնը կը կատարուի երակներու, զարկերակներու ճամբով:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով երակի կազմուածքը եւ տեսակները, ինչպէս` (1) զարկերակներ.- կը գտնուին աւելի խորունկ մարմնի բաժիններուն մէջ: Զարկերակներու պարտականութիւնն է արիւնը փոխադրել սրտէն մարմնի այլ մասերը:

(2) Երակներ.-կը գտնուին նուազ խորունկ մարմնի բաժիններուն մէջ: Երակները արիւնը կը փոխադրեն գործարաններէն (օրկաններէն) դէպի սիրտ:

Երակները բաւականին բարդ օրկաններ են, ունին յատուկ առաձգականութիւն` իրենց պարտականութենէն մեկնած: Երակներուն մէջ կը գտնուին նաեւ փականներ, հետեւաբար երակներու առաձգականութիւնը ու փականներու գոյութիւնը կը նպաստեն արեան դէպի սիրտ փոխադրութեան:

Դասախօսը յաջորդ բաժինով բացատրեց ոտքի երակներու հիւանդութիւնները.

Վարիզը (varicose vein)-

Պատճառները: Ժառանգականութեան ազդակը, երկարատեւ ոտքի մնալը, գիրութիւնը, յղութիւնը, դաշտանադադարը եւ ծերութիւնը:

Կիները յարաբերաբար աւելի ենթակայ են տառապելու այս հիւանդութենէն եւ մօտաւորապէս 70 առ հարիւր կը կազմեն, իսկ այր մարդիկը` 30 առ հարիւրը:

Ի՞նչ են ախտանշանները: Ցաւ եւ ծանրութեան զգացում, սարդացանցի նման երակներու յայտնաբերում, վերջոյթներու այտուց, ախտահարուած երակներու շուրջ մորթի գոյնի փոփոխութիւն, ախտահարուած երակներու շուրջ կարմրութիւն եւ քերուըտուք, մկանային պրկումներ եւ երկարատեւ արիւնահոսութիւն:

Ի՞նչ են վարիզի բարդութիւնները: Քալելու եւ ոտքի կենալու դժուարութիւն ու հետագային անկարողութիւն, մորթի բորբոքում, խոցերու յառաջացում, արիւնահոսութիւններ, որոնք կրնան ըլլալ երկարատեւ եւ ծանր:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան նշեց նաեւ բուժման տարբեր միջոցները, ինչպէս` յատուկ մարզանքի կիրարկումը, յատուկ գուլպաներու օգտագործումը, լազերային ճառագայթով բուժումը, տարբեր դեղամիջոցները եւ վիրահատութիւնը:

Վերջին բաժինով դասախօսը ներկայացուց ոտքի հետ առնչուած այլ հիւանդութիւն մը` Ֆլիպիթը (phlebitis), որ կը յատկանշուի երակներու խցումով:

Ֆլիպիթը կրնայ ըլլալ մակերեսային ինչպէս նաեւ աւելի խորունկ:

Ի՞նչ են պատճառները: Տարբեր հիւանդութիւններ որոնք կը բարձրացնեն արեան մակարդակումը, արեան հոսքի դանդաղացումը տարիքի յառաջացումով եւ երկարատեւ անշարժութիւնը:

Ախտանշանները` ցաւ, որ յաճախ աւելի սուր կ՛ըլլայ, քան վարիզի պարագային, մաշկի կարմրութիւն, այտուց, ախտահարուած հատուածը կը կարծրանայ:

Եզրակացնելով, դասախօսը նշեց բուժման տարբեր միջոցներ.- յատուկ դեղերու օգտագործումը արիւնը բարակցնելու, ինչպէս նաեւ արեան մակարդուկը հալեցնող դեղեր կամ վիրահատութիւն:

Աւարտին տոքթ. Էլի Թաշճեան օրինակներով եւ տարբեր բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: