Նախաճաշ – ձեռնարկ

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի , Պաուշրիէի ’’Արազ’’ մասնաճիւղի ,տարեկան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2014-ին , առաւօտեան ժամը 10:00-ին ,’’Սօսի Մարտիկեան’’ սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանի, շրջանէն 45 ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն վերջ, վարչութեան ատենապետուհի՝ Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու խնդրեց ընկերուհիներէն, որ միշտ քաջալեր հանդիսանան վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկներուն: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին ընկհ.Շաքէ Պարմաքսզեանը:

Դասախօսուհին շատ յստակօրէն խօսեցաւ արեան տարրալուծարանային քննութիւններու անհրաժեշտութեան եւ կատարելուն մասին տարեկան հերթականութեամբ: Ան անդրադարձաւ արեան ճերմակ եւ կարմիր գնդիկներու, քոլեսթէրոլի, թրիկլիսերիտի, եւ շաքարի մասին ու իւրաքանչիւրին մասին գիտական տեղեկութիւններ տուաւ:

Ձեռնարկը առիթը ստեղծեց ընկերուհիներուն համախմբուելու ու միասնաբար հաճելի ժամեր անցնելու: Մթնոլորտը ուրախ էր…. ընկերուհիներ գնահատեցին վարչութեան աշխատանքը ու առաջարկեցին կրկնել նմանօրինակ ձեռնարկներ: