Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ապականած ջուրի գործածութենէ յառաջացած հիւանդութիւններ» խորագիրով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պալամանտ համալսարանէն Պաշայեր Մատի:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետ Սոնա Եափուճեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, նշեց, որ ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, 2013 թուականին աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը, մօտաւորապէս 2.4 միլիառ մարդ, առօրեայ գործածութեան համար ջուրի անբաւարարութենէ կը տառապին: Դարձեալ, ըստ նոյն տուեալներուն, 1.8 միլիառ մարդ ապականած ջուր կը գործածէ, տարեկան միջին հաշուով անոնց 1.5 միլիոնը կը մահանայ ապականած ջուրի գործածութենէն յառաջացած հիւանդութիւններէ:
Պաշայեր Մատի դասախօսութեան սկսաւ խօսելով ջուրի անհրաժեշտութեան, կարեւորութեան եւ կենսական դերակատարութեան մասին մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:
Ըստ միջազգային տուեալներուն, 780 միլիոն անձ կը տառապի ըմպելի ջուրի չգոյութենէն:
Ջուրը կարեւոր մէկ բաժինն է մարդ արարածի մարմնի կազմութեան, այր մարդոց պարագային 70 առ հարիւր, իսկ կիներուն մօտ` 60 առ հարիւր:
Դասախօսը յաջորդ բաժինով թուեց այն ազդակները, որոնք կ՛ազդեն ջուրի որակին ու ապականման վրայ:
Առաջին գլխաւոր ազդակը կոյուղիներու գոյութիւնն է, եւ անոնց տարբեր միջոցներով խառնուիլը ըմպելի ջուրին:
Երկրորդ` գործարաններու արտադրած տարբեր քիմիական նիւթերը, որոնք յաճախ դէպի ծով կամ գետ ուղղուելով կ՛ապականեն ըմպելի ջուրը:
Եւ վերջապէս` գիւղատնտեսութեան, բուսականութեան համար գործածուող տարբեր քիմիական խթանիչներ, պարարտացուցիչներ, որոնք հողին ճամբով կը հասնին ըմպելի ջուրին:
Դասախօսը նաեւ նշեց այն հիւանդութիւնները, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը փոխանցուին անհատին, ուղղակի ջուր խմելով, ջուրի գործածութեամբ մաքրութեան ընթացքին կամ լոգանքի, ինչպէս նաեւ անուղղակիօրէն` զանազան հիւանդութիւններ:
Վերջին բաժինով Պաշայեր Մատի նշեց շարք մը միջոցներ` հականեխելու, մաքրելու եւ զտելու ջուրը: Անոնցմէ առաջինը եւ ամէնէն պարզը զտիչի գործածութիւնն է, կը յաջորդէ քլորի եւ այոտինի գործածութիւնը տարբեր համեմատութեամբ, ինչպէս նաեւ դեղահատերու զետեղումը ջուրի ամբարներուն մէջ:
Կիտրոնի գործածութիւնը կամ ջուրը եռացնելը բաւական գործնական են, ինչպէս նաեւ արեւու ճառագայթները ազդու միջոցներ են հականեխելու ըմպելի ջուրը:
Աւարտին Մատի տարբեր օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

