ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի «Աշնանային Հանդիպումը»ը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2014-ին, «Սարդարապատ» ակումբի սրահէն ներս,ներկայութեամ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ բազմաթիւ ընկերուհիներու: :
Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուկ Քիւփէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան: Ապա հրաւիրեց ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը, որ անդրադարձաւ «Համշէնահայերու» մասին: Ընկհ. Անի Պասմաճեան արտասանեց Սարմէնի «Հայրենի տուն» բանաստեղծութիւնը:
Ձեռնարկը ընթացաւ քարաօքէ երգեցողութեամբ մտերմիկ եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ, որմէ խանդավառուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Վարչութիւնը հրաւիրեց ընկհ. Շահանդուխտը հատելու օրուան կարկանդակը:
Վիճակաձգութենէն ետք ընկերուհիները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:







