Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը ծրագրած է հայ աշակերտութեան ծանօթացնել ԼՕԽ-ը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնը, հրաւիրելով հայկական վարժարաններու 10-րդ դասարանի աշակերտները:
Յանձնախումբի ընկերուհիները ներկայացան բոլոր դպրոցներու տնօրէններուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջեցին:
Երկուշաբթի 10 Նոյեմբեր 2014-ին , Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանի աշակերտները, իրենց դաստիարակի ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն , մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն դիտեցին տեսաերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: Անոնց բաժնուեցաւ ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի ծննդոցը ներկայացնող թերթիկներ: Վստահ անոնց հոգիներուն մէջ դրոշմուեցաւ կամաւոր աշխատանքի գաղափարը եւ անհրաժեշտութիւնը մեր բարեսիրական հաստատութիւններէն եւ հանրային կեանքէն ներս:
Իսկ Երկուշաբթի 17 Նոյեմբեր 2014-ին , Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանի աշակերտները, իրենց դաստիարակի ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն:
18 Նոյեմբեր 2014 –ին Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն գոլեճի աշակերտները իսկ 24 Նոյեմբեր 2014-ին Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան , յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն:
Երկուշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2014-ին, Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանի աշակերտները այցելեցին ԱՊԸԲ կեդրոն եւ ծանօթացան ԼՕԽ-ի լայնածաւալ աշխատանքին:
27 Յունուար 2015 –ին Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, ծանօթացան կեդրոնի բաժանմունքներուն, եւ այդտեղ կատրուած աշխատանքներուն:






















