Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Կաթուածներու տեսակները եւ անոնց հետեւանքները» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, ան նշեց, որ կաթուածները երբեմն թեթեւ կ՛ըլլան, բայց յաճախ անդարմանելի վնասներ կամ մահ կը պատճառեն: Անոնք կրնան պատահիլ որեւէ տարիքի` երիտասարդներ, պատանիներ, մանուկներ, նոյնիսկ նորածիններ, չափահասներու եւ տարեցներու կողքին:
Տոքթ. Էճիտեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով մարդ արարածին Ֆիզիքական ընդհանուր կառոյցը եւ ներքին օրկաններու աշխատանքը` յատկապէս կեդրոնանալով երակներու համակարգին ու ցանցին վրայ, նկատի ունենալով երակներու հիմնական դերն ու բաժինը տարբեր կաթուածներու պարագային:
Դասախօսը տարբեր սահիկներու օժանդակութեամբ մանրամասնօրէն ներկայացուց արեան տարբեր տեսակի երակները, անոնց բնական ընթացքը արեան փոխադրութեան աշխատանքին մէջ, յատկապէս կեդրոնանալով տարբեր պայմաններու տակ երակներու խցման ու փակման պարագաներուն վրայ: Ան բացատրեց նաեւ, թէ երակները ճարպերու կուտակումով կը նեղնան կամ կը խցուին, տարբեր վիճակներ, որոնք ունին իրենց հետեւանքները:
Ներկայացնելով տարբեր կաթուածները եւ անոնց հետեւանքները, սրտաբանը առաջին բաժինով խօսեցաւ սրտի կաթուածին մասին` ըսելով, որ սրտի կաթուածի գլխաւոր ախտանշանը կուրծքի սուր ցաւն է: Ան յիշեց նաեւ, թէ սրտի կաթուածը այրերու մօտ աւելի բարձր համեմատութիւն կը կազմէ: Անցեալին այս երեւոյթը կը պատահէր 40 տարեկանէն վեր անձերու մօտ, այժմ պատկերը փոխուած է, որեւէ տարիքի կարելի է պատահիլ:
Սրտի կաթուածը սրտի երակներու խցման արդիւնք է: Յաճախ արեան գունդ մը կազմելով սրտի երակներուն մէջ կամ այլուր, կու գայ ու կը խցէ սրտի որեւէ երակ` յառաջացնելով սրտի ու կուրծքի սուր ցաւ ու կաթուած:
Կաթուածներու շարքին երկրորդը կը հանդիսանայ ուղեղային կաթուածը:
Ուղեղի կաթուածը կրնայ յառաջանալ, երբ որեւէ երակ նեղնայ կամ խցուի: Այդ կրնայ պատահիլ, երբ արեան բարձր ճնշում գոյութիւն ունենայ, կամ արեան գունդ մը կազմուելով ուղեղի մէջ կամ այլուր:
Վերջին բաժինով տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան թուեց երեք այլ կարեւոր կաթուածներ, որոնք կրնան պատահիլ.
1.- Ոտքի – երակներու չորացումի իբրեւ հետեւանք, կամ արեան գունդի կազմութիւն:
2.- Աղիքներու – գլխաւոր ախտանշանը փորի սուր ցաւն է, եւ կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ:
3.- Աչքի կաթուածը- ենթական առաջնորդելով տեսողութեան կորուստի` մասնակի կամ ամբողջական:
Դասախօսը ներկայացուց հիմնական քանի մը տուեալներ, ունենալու առողջ կեանք մը` հեռու կաթուածներէ:
Աւարտին, տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան տարբեր բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

