Լուրեր

Աւանդական Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽի «Պէյթ Գօգօ« շրջանի «Գայեանէ» մասնաճիւղի աւանդական կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 11:00 -էն սկսեալ «Քարքէթըլ Հաժ» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էր Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեան եւ մեծ թիւով ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկին արտասանուեցան խօսքեր, նիւթ ունենալով ցեղասպանութեան 100-ամեակը։ Յատկանշական էր «անմոռուկ ծաղիկ»ի…

Աւելին
Ծերունիներու Նուիրուած Նոր Տարուան Հաւաքոյթ

23 դեկտեմբեր 2014-ին կայացաւ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի հաւատարիմ ծերերու եւ Կաղանդ Պապուկի աւանդական հանդիպումը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ: Կանուխ ժամերէն անհամբեր սպասող եւ պահ մը մանկացած ծերունիները խանդավառ երաժշտութեամբ յագեցած մթնոլորտի մէջ պարեցին, երգեցին եւ, վերջապէս, ուրախ ծափերով եւ բացագանչութիւններով դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան: Կաղանդ Պապան իրենց հետ պարեց, ուրախացաւ եւ ուրախացուց…

Աւելին
Փոքրիկներու Ամանոր

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2014-ին , կ. առաջ ժամը 10։00-ին, Արագածի ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներու կաղանդի ձեռնարկ մը: Գրադարանի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլօ Զոպույեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժպիտ» յանձնախումբին , որ աշակերտներուն…

Աւելին
Փոքրիկներու Ամանոր

ԼՕԽի Ֆանարի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի Ամանորի փոքրիկներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2014- ին, Ֆանարի Ս. Մատրան սրահին մէջ։ Վարչութեան ատենապետուհին ամենայն բարիք մաղթեց ներկաներուն եւ ընկերուհիներուն։ Ընկերուհիները եւ «Ուրախ Տարեդարձ» խումբը իրենց ծրագիրներով եւ յայտագիրներով ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին, Կաղանդ Պապուկին ներկայութիւնը խանդավառեց փոքրիկները որոնք պարելով ու երգելով հաճելի մթնոլորտ անցուցին, ինչպէս…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Ռաուտայի», «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ ամանորի ձեռնարկը շրջանի ակումբէն ներս: ԼՕԽ-ի քայլերգը ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ յայտնեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ-«երբեք ճիգ չենք խնայեր միշտ…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014- ին, շրջանի «Անի» ակումբին մէջ։ Վարչութեան ատենապետուհի՝ընկհ. Հուրի Պաճիքեան խօսք առնելով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի հսկայ գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ամանորի կիրարկուող աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու մասին տեղեկութիւններ։ Կաղանդ մաման ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց իր…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ (2014)

ԼՕԽ-ի «Նորաշէն» շրջանի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ շրջանի «Ռուբէն» ակումբի սրահէն ներս, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ընկերուհիներու։ Մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Զեփիւր Պոնիագրապեանի բացման խօսքէն ետք , ձեռնարկը կայացաւ շատ…

Աւելին
Ամանորի  Ձեռնարկ

Նոր տարուան առիթով ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Հայաշէնի Ժողովրդային տան` «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային վարչութենէն Սօսի Արամեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարկօ Կոտալազեան, ԼՕԽ-ի կարգ մը մասնաճիւղերէ հրաւիրեալներ, անդամուհիներ եւ թաղեցիներ: Բացման խօսքով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց միութեան ատենապետ…

Աւելին
«Սեւան» մասնաճիւղի Ամանորը

ԼՕԽի «Սեւան» մասնաճիւղի աւանդական կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Ժիւնիի ՀՄԸՄի «Ժան Ապաճեան» շքեղ սրահին մէջ։ Ներկայ էր Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Քարակէօզեան եւ թիւով 70 ընկերուհիներ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Սաաթճեան։ Օրուան դասախօսուհին էր արուեստագիտուհի՝ Մարալ Փանոսեան, նիւթ ունենալով «փոխ-յարաբերութիւնը»…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Գործունէութիւնը Առողջապահական Մարզին Մէջ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան գործունէութիւնը առողջապահական մարզին մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի բժիշկ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան…

Աւելին
«ԱՐԱԶ» Մասնաճիւղի «Կաղանդի ձեռնարկը»

ԼՕԽի «Պուշրիէ»ի «Արազ» մասնաճիւղի կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 16 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 10:00 ին «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 40 ընկերուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Ազատուհի Սարգիսեանին, մասնաճիւղի անդամուհիներուն, բարեկամուհիներուն ապա իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ աւելցուց , ‘’կը…

Աւելին
Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնը

Երկուշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանն ու տիկին Ռանա Իրաքաթը եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դիւանին ,առողջապահական, նախազգուշական, դաստիարակչական, ձեռարուեստի եւ խոհանոցի…

Աւելին
Կազդուրման կայանի եւ  գրադարանի փոքրիկներուն  Ամանորի խրախճանք (2014)

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, Շաբաթ 13 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման կայանի եւ գրադարանի փոքրիկներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը: 85 փոքրիկներ 2 ժամուան ընթացքին յանձնախումբին եւ «Ուրախ տարեդաձ» խումբին հետ անցուցին անմոռանալի պահեր ԼՕԽ-ի երդիկին տակ…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Առողջ Երկարակեցութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ երկարակեցութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ (2014)

2015 տարին ուրախ մթնոլորտով դիմաւորելու ակնկալութաեմբ, ԼՕԽ-ի Ամանոս շրջանի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւը երեքշաբթի 9 դեկտեմբեր 2014-ին «Քարաքադ Ալ Հաճ » ճաշարանին մէջ, ջերմ մթնոլորտի մէջ կազմակերպած էր «Ամանորի ձեռնարկ» մը ,ներկայութեամբ՝ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ աւելի քան 80 ընկերուհիներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու: Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ,Կաղանդը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի «Ամանորի Հանդիպում»

Երեքշաբթի 9 դեկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Ամանորի Հանդիպում» ձեռնարկը Հ.3.Դ. Տիգրան Ծամհուր ակումբէն ներս: Ներկայ էին շրջանի ընկերուհիները եւ բարեկամուհիներ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ընկհ. Արփի Կոստանեան բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց թէ 1915 թուականը յատկանշական տարի մըն է մեր ազգի պատմութեան մէջ, մենք կը գտնուինք ցեղասպանութեան 100 ամեակի…

Աւելին
«Կամաւորներու Օր» Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախունբին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով Սեդա Մանկասարեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, ներկաները…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Տարեցներու Մօտ Վհատութիւնը Յաղթահարելու Միջոցները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Տարեցներու մօտ վհատութիւնը յաղթահարելու միջոցները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հիւանդապահութեան դասախօս Սօսի Պալեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան…

Աւելին
«Ճաշկերոյթ» (2014)

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ռապիէի շրջանի «Արցախ» Մասնաճիւղի վարչութեան, նախագահութեամբ Տիկին Ժէյն Այանեանի, 5 դեկտեմբեր 2014-ին, «Լո Ռուաեալ»« Le Royal » պանդոկի « Ռուպի Պալրում» «Ruby Ballroom » շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճաշկերոյթ» ձեռնարկ մը , ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի , բազմաթիւ ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Վարչութեան…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.ի  «Աղթամար» Մասնաճիւղի Ամանորեայ Հաւաքոյթը

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին՝ Ուրբաթ 5 Դեկտեմբեր 2014ի կ.ե. ժամը 2:00 էն սկսեալ, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ամանորեայ հաւաքոյթը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան: Ան անդրադառնալով կամաւորներու օրուան առիթին, գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն կամաւոր աշխատանքը: Ան նոր տարուայ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք…

Աւելին
Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ճաշի Դասընթացքը

Հինգշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2014-ին Լ.Օ.Խ.-ի «Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ճաշի դասընթացք մը կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Տիկ. Ռօզ Պագգալեան որ յայտնեց թէ «Եփելը արուեստ, շնորհք եւ ճաշակ է որ մաս կը կազմէ ժամանակի զարգացման ու նորաձեւութեան: Մենք բոլորս ունինք այդ շնորհքը, սակայն այսօր մենք եկած ենք հոս բազմաշնորհ մեր…

Աւելին
Դասախօսութին՝ Շաքարախտը Եւ Անոր Վտանգները

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական շարքերու առաջինը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 18 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 80-է աւելի Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Դասախօսութեան նիւթն էր «Շաքարախտը»: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Նայիրի Քէնտիրճեան որմէ ետք օրուայ դասախօս բժշկուհի Սուզան…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Գերզգայնութեան Գլխաւոր Պատճառները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերզգայնութեան գլխաւոր պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ տոքթ. Պերճ Տագէսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա…

Աւելին
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով`. Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում (2014)

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, նախագահութեամբ Իզապէլ Տեքերմենճեանի, երէկ` հինգշաբթի, 27 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացում: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Սօսէ Պօյաճեան, որ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել…

Աւելին