Լուրեր

Ճաշկերոյթ - Պարահանդէս

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Սիս) կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015- ին երեկոյեան ժամը 9։30-էն սկսեալ, «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ։։ Ընկհ. Մարօ Մանճիկեան, մասնաճիւղի ատենապետուհին, իր բացման խօսքին մէջ նշեց ձեռնարկին նպատակը՝ որու հասոյթը պիտի ծառայէ շրջանիս կարօտեալներուն եւ կրթանպաստ ստացողներուն։ Երգիչ `Մանուկ Մինասեան, իր ժողովրդական եւ հայաշունչ երգերով խանդավառեց եւ բարձրացուց…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Մարդկային Մարմինի Մակաբոյծեր` Կանխարգիլում Եւ Բուժում» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Մարդկային մարմինի մակաբոյծեր` կանխարգիլում եւ բուժում»-ը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի մասնագէտ` տոքթ. Էլի Թաշճեան: Բացման…

Աւելին
ճաշկերոյթ-Պարահանդէս (2015)

ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի (Ֆանար) կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015- ին երեկոյեան ժամը 9։30-էն սկսեալ «ՍէյՖ Էլ Պահր» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ,ընկերուհիներ եւ հոծ բազմութիւն մը։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ալին Քէշիշեան կատարեց բացման խօսքը բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն։ Ապա շրջանի «Է. Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ՝ ընկ. Արծիւ Տէր…

Աւելին
Ընկերային հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մար Եուսեֆ շրջանը կազմակերպած էր Ս. Սարգիսի նուիրուած ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ շրջանի ակումբին մէջ, 10 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացումը կատարեց ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան: Օրուան բանախօսն էր Մատլէն Տանակէօզեան, որ խօսեցաւ ծաղիկներու մասին եւ այդ նիւթին ընդմէջէն անդրադարձաւ անմոռուկ ծաղիկին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին…

Աւելին
Ընկերային Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը , ուրբաթ ,13 Փետրուար 2015-ին , առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Սողոմոն Թէհլիրեան » ակումբին մէջ , «Ամանոս» կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Սիրուն Վարդապետեանին, Կոմիտէի ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, հիւրերուն եւ…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Աղբերու Վերաօգտագործման Կարելիութիւնները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Աղբերու վերաօգտագործման կարելութիւնները» նիւթով, զոր ներկայացուց Պալամանտի համալսարանէն Պաշայեր Մատի: Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման…

Աւելին
Ճաշկերոյթ` ի նպաստ կրթական յատկացումներու

Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթ ձեռնարկը ի նպաստ սաներու կրթանպաստին, տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2015- ին առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ «ԷշրէՖիէ»։ Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան, Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիները, «Ս…

Աւելին
Դոկտ. Հրանուշ Խառատեանի այցելութիւնը

Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2015-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց, հայրենի ազգագրագէտ Դոկտ. Հրանուշ Խառատեան եւ հանդիպում մը ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Վարչութեան ատենապետուհին մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու, մասնաճիւղերու եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի գործունէութիւններուն մասին: Դոկտ. Խառատեան շրջեցաւ կեդրոնին մէջ եւ մօտէն…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպած «Քարաօքէ»ի Երեկոն

Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ի երկոյեան՝ ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «Քարաօքէ»ի երեկոյ, կազմակերպութեամբ Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ընկհ. Լենա Սթամպուլեանը: Հաւաքոյթին ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան երգելու եւ պարելու՝ հայկական ժամանակակից եւ աւանդական երգեր ու պարեր:

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Մարմնամարզանքի Ցուցմունքներ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-մարմնամարզանք, յատուկ տարեցներու համար: Դասախօսութիւն-մարմնամարզանքը ներկայացուց Ցոլիկ Բատոյեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման…

Աւելին
Աւանդական Պազար» (2015)

Բարեկենդանի առիթով, Մեծ Պահքի նախօրեակին, Շաբաթ 1 Փետրուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը10-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները, միատեղուած էին «Զալքա»-ի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, յիշելու եւ յիշեցնելու գոյատեւումը հայկական աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն: Մասնաճիւղի, բազմաշնորհ ընկերուհիներ, հաւաքական աշխատանքով, ու ինքնաբուխ նուէրներով, պատրաստած էին, Մեծ Պահքի համեղ աւանդական…

Աւելին
Մեծ Պահքի նախորեակին

Բարեկենդանի առիթով, Մեծ Պահքի նախորեակին, Շաբաթ 1 Փետրուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը10-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները, միատեղուած էին «Զալքա»-ի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, յիշելու եւ յիշեցնելու գոյատեւումը հայկական աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն: Մասնաճիւղի, բազմաշնորհ ընկերուհիներ, հաւաքական աշխատանքով, ու ինքնաբուխ նուէրներով, պատրաստած էին, Մեծ Պահքի համեղ աւանդական…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Մարմինը Թոյներէ Մաքրել Սննդականոնով» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 28 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս մարմինը թոյներէ մաքրել սննդականոնով» նիւթով, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…

Աւելին
Լ.Օ. Խաչի փոքրիկները միացել են «Հայոց ցեղասպանության հետևանքով միլիոնավոր մանուկներ լույս աշխարհ չեկան» ծրագրին

Լիբանանահայ Օգնության Խաչի փոքրիկները միացել են ՀՀ սփյուռքի նախարարության նախաձեռնությամբ իրականացվող «Հայոց ցեղասպանության հետևանքով միլիոնավոր մանուկներ լույս աշխարհ չեկան» խորագրով ծրագրին, որը նվիրված է Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցին: Փոքրիկները լուսանկարվել են Լիբանանի Բիքֆայա քաղաքում գտնվող Հայոց ցեղասպանության հուշարձանի մոտ: Կոչ ենք ուղղում Սփյուռքի և Հայաստանի բոլոր դպրոցներին, կազմակերպություններին, որ…

Աւելին
Յակոբ Հաւաթեան Եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան Ներկայացուցին Լիբանանի Հայկական Կառոյցները

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 26 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շահեկան դասախօսութիւն-զրոյց մը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` «Հայկական կառոյցները» նիւթով, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներու, ԼՕԽ-ականներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի…

Աւելին
test branch english

Lorem Ipsum is simply dummy text of the printing and typesetting industry. Lorem Ipsum has been the industry's standard dummy text ever since the 1500s, when an unknown printer took a galley of type and scrambled it to make a type specimen book. It has survived not only five centuries, but also the leap into electronic typesetting, remaining essentially unchanged. It was popularised in the 1960s with the release of Letraset…

Աւելին
Մեր Խօսքը` Տօներու Վաղորդայնին` Վերանորոգ Ոգիով Ու Յանձնառութեամբ

Տագնապներով լեցուն արդի աշխարհին մէջ մեր ժողովուրդին համար անհրաժեշտ են նոր հոգի ու նորոգեալ կամք, որպէսզի կարենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յիշել մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ պատիւ ընծայել նաեւ անոնց, որոնք ի սփիւռս աշխարհի եւ ի խնդիր հայրենիքի ու ազգութեան լինելութեան, հաւատարմութեամբ կը պահեն մեր անմահ նահատակներուն կտակը ու վճռակամութեամբ կը շարունակեն պահանջել մեզմէ խլուածն ու յափշտակուածը: ՇԱՀԷ…

Աւելին
Հայ Աւետարանական Թորոսեան վարժարանի աշակերտներու այցելութիւնը

23 Յունուար, 2015-ի առաւօտեան,ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոն այցելեցին Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի «First Aid Club»-ի աշակերտները ,ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհի՝ Լենա Պօղոսեան Հաճէքեանի։ Այցելութեան նպատակն էր՝ առողջապահական կառոյցի աշխատանքի ծանօթացում։ Աշակերտները լսեցին մարմնի մաքրութեան մասին նախազգուշական համառօտ ցուցմունքներ, առողջ մարմին եւ առողջ կենցաղ ունենալու…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Լսողութեան Տկարացում Եւ Կորուստ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Լսողութեան տկարացում եւ կորուստ» նիւթով, զոր ներկայացուց քիթ, կոկորդ, ականջի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով…

Աւելին
ԼՕԽ-ի բարերար Պր. Ռաֆֆի Արտալճեանի այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 14 Յունուար 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեց ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի բարերար՝ Պրն. Րաֆֆի Արտալճեան եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Արծարծուեցան Լիբանանահայութեան եւ Լիբանան ապաստանած Սուրիահայ գաղթականներուն հետ առնչուող զանազան նիւթեր:

Աւելին
Ճաշկերոյթ - Պարահանդէս Ս. Ծննդեան տօնին առիթով

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան (Անթիլիաս) ,Երկուշաբթի 5 Յունուար, 2015-ի երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ ,Ս. Ծնունդի խթման առիթով տեղի ունեցաւ պարահանդէս «Kerket Al Haj »ճաշարանին մէջ: Ճաշարանի մուտքին ներկաները հիւրասիրուեցան տուրմով եւ ստացան նուէրներ տրամադրուած տարբեր հաստատութիւններու կողմէ: Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ.Շաքէ Գարայեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ Նոր…

Աւելին
«Ամանորի Սեղան»-ի պատրաստութեան միօրեայ դասապահ (2014)

Նոր Տարին կը մօտենայ..... ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը բոլորին կը մաղթէ խաղաղ, բարեբեր եւ հաճելի անակնկալներով լեցուն Նոր Տարի մը: ԼՕԽ-ի խոհանոցի յանձնախումբը ,Նոր Տարին ուրախ սկսելու համար 8 Դեկտեմբեր 2014-ին համախմբեց 14 հայուհիներ, ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցին մէջ ուր անոնք հետեւեցան «Ամանորի Սեղան»-ի պատրաստութեան միօրեայ դասապահին, հանրածանօթ խոհարարագէտ-դասատու տիկ. Անահիտ Տօնիկեանի…

Աւելին
Աւանդական Պազար

ԼՕԽ-ի Պէյրութ-ի “Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր տարեկան աւանդական տօնավաճառը կազմակերպեց 27 դեկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ, Զոքաք Պլաթ: Տօնավաճառը ուշագրաւ էր իր հայկական համադամ ճաշատեսակներով եւ անուշեղէններով, որոնք կարելի եղած էր պատրաստել ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ ընկերուհիներու ջանքերով: Այս առթիւ վարչութիւնը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ`…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի « Թրատ» շրջանի ,«Շուշանիկ» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2014- ին, կ. առաջ ժամը 10:00-էն սկսեալ շրջանի «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, Կազմակերպաչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու Տիկնանց միութիւններ, ծնողաց…

Աւելին