Աւանդական Պազար» (2015)

Բարեկենդանի առիթով, Մեծ Պահքի նախօրեակին, Շաբաթ 1 Փետրուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը10-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները, միատեղուած էին «Զալքա»-ի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, յիշելու եւ յիշեցնելու գոյատեւումը հայկական աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն:

Մասնաճիւղի, բազմաշնորհ ընկերուհիներ, հաւաքական աշխատանքով, ու ինքնաբուխ նուէրներով, պատրաստած էին, Մեծ Պահքի համեղ աւանդական խմորեղէններն ու քաղցրեղէնները:

Զարդարուն սեղանները, խճողուած էին տեսակաւոր ուտելիքներով, որոնք կը հրապուրէին այցելուները, ակումբէն ներս ստեղծուած էր ընտանեկան մթնոլորտ, տեղի կ՝ունենար ուտելիքներու փոխանակում, ներկաները լիացած էին Բարեկենդանի շունչով, ու կը գիտակցէին թէ՝ճարտար ձեռքերով պատրաստուած այս ուտելիքներու սպառման հասոյթը, պիտի նպաստէր ԼՕԽ-ի բարեսիրական նպատակներուն:                                  

Հաւատարիմ մնալով ԼՕԽ-ականի առաքելութեան՝ խաչուհիները կ՝անդրադառնային նաեւ Քրիստոնեական խորհուրդներուն եւ սկզբունքներուն`Բարեկենդանը յաջորդող պահքի պահեցողութեան ու ծոմապահութեան շրջանին, որ կ՝երկարի եօթը շաբաթներու վրայ, որոնց ընթացքին Հայ Քրիստոնեան՝ հրաժարելով մսեղէններէ ու կաթնեղէններէ,պէտք է ապրի Աստուածահաճոյ կեանք մը, նորոգէ իր հաւատքը, բարձր պահէ բարոյական ու հոգեկան ըմբռնումները եւ հոգեկան խաղաղութեամբ, փառք տայ Աստծոյ պարգեւած անհամար բարիքներուն: