Ճաշկերոյթ` ի նպաստ կրթական յատկացումներու

Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթ ձեռնարկը ի նպաստ սաներու կրթանպաստին, տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2015- ին առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ «ԷշրէՖիէ»։

Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան, Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիները, «Ս. Յակոբ» եւ «Հայ Աւետարանական» եկեղեցիներու Տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ընկերուհիներ եւ համակիրներ։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սեդա Վարժապետեան։ Օրուայ ճաշը պատրաստուած էր մասնաճիւղի խումբ մը ընկերուհիներու կողմէ, որոնք յաճախ իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններով կը սատարեն վարչութեան ձեռնարկներուն յաջողութեան։

Ձեռնարկին նպատակը բացատրեու համար հրաւիրուեցաւ ընկհ. Մակի Խաչերեանը. ան փոխանցելէ ետք ԼՕԽ-ի նպատակը ,շեշտը դրաւ կրթականի յատկացումներու կարեւորութեան, որ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ամենայն բծախնդրութեամբ կը կատարէ։

Եղան նուիրատուութիւններ ի նպաստ կրթականի։ Իրագործուեցաւ գեղարուետական կոկիկ յայտագիր մը եւ վիճակաձգութիւն տեղի ունեցաւ։

Ապա ներկաները ստացան նուէր մը՝ ձեռային աշխատանք պատրաստուած՝ վարչական ընկերուհիի մը կողմէ։