Հայ Աւետարանական Թորոսեան վարժարանի աշակերտներու այցելութիւնը

23 Յունուար, 2015-ի առաւօտեան,ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոն այցելեցին Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի «First Aid Club»-ի աշակերտները ,ընկերակցութեամբ իրենց  ուսուցչուհի՝ Լենա Պօղոսեան Հաճէքեանի։ Այցելութեան նպատակն էր՝ առողջապահական կառոյցի աշխատանքի ծանօթացում։

Աշակերտները լսեցին մարմնի մաքրութեան մասին նախազգուշական համառօտ ցուցմունքներ, առողջ մարմին եւ առողջ կենցաղ ունենալու համար։

Դիտեցին տեսաերիզ մը կեդրոնի ընդհանուր գործունէութեան մասին, ապա շրջեցան կեդրոնի ինը բաժանմունքները, տեսան հոն տարուած գործունէութիւնը, բարձր որակը ու արդիական կազմածքները։

Այս աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէին առողջապահական կեդրոն մը, հետեւաբար մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին եւ տպաւորուած վերադարձան դպրոց։