Դասախօսութիւն` «Աղբերու Վերաօգտագործման Կարելիութիւնները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Աղբերու վերաօգտագործման կարելութիւնները» նիւթով, զոր ներկայացուց Պալամանտի համալսարանէն Պաշայեր Մատի:

Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան դասախօսին ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք նշեց, որ բնութիւնը ստեղծուած է այնպիսի ձեւով, որ օդը, ջուրը եւ հողը ինքնաբերաբար իրենք զիրենք կը վերանորոգեն, կը մաքրեն: Սակայն ժամանակի ընթացքին, արհեստագիտութեան յառաջդիմութեան հետ, ինչպէս նաեւ մարդուն կողմէ հնարուած զանազան սարքերու դեղերու եւ ելեկտրական գործիքներու անխնայ եւ անխոհեմ օգտագործումը պատճառ դարձած է աղբերու վտանգաւոր տեսակի եւ անհանդուրժելի քանակի կուտակումին: Անշուշտ պետութեան պարտականութիւնն է տարբեր տեսակի աղբերը զատելը, հաւաքելը եւ փճացնելը կամ վերամշակելը: Սակայն, քաղաքացիներ իրենց կարգին պատրաստ են տարբեր ձեւեր որոնելու ու զանոնք կիրարկելու, աղբերը զանազան տեսակներու բաժնելու, հաւաքելու:

Պաշայեր Մատի դասախօսութեան սկսաւ յիշեցնելով նախապէս իր կողմէ ներկայացուած այն նիւթը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մեր օգտագործած ջուրը պահել մաքուր ու զայն գործածել առօրեայ մեր աշխատանքներուն մէջ:

Աղբերը կրնան ըլլալ տարբեր տեսակներու` հեղուկ, կազ, ինչպէս նաեւ կարծր տեսակի: Յաճախ աղբերու կառավարման ոչ բաւարար կիրարկումը առիթ կը ստեղծէ սկիզբը փոքր, բայց հետագային մեծ կենսոլորտային հարցերու: Հետեւաբար աղբերը հաւաքելը, իրարմէ տարանջատելը եւ տարբեր բաժինով փոխադրելը, ինչպէս նաեւ յատուկ պայմաններու տակ անոնց փճացումը կամ վերաօգտագործումը կենսական են ունենալու առողջ միջավայր եւ կենսոլորտ:

Պաշայեր Մատի կարծր աղբերը բաժնեց երեք տեսակներու.

Այն աղբերը, որոնք քաղաքապետութեան կողմէ կը հաւաքուին:

Աղբեր, որոնք մարդ անհատին կողմէ են իբրեւ արտադրութիւն:

Վտանգաւոր աղբեր:

Տնային աղբերը կը կազմեն բաւական բարձր համեմատութիւնը հաւաքուած աղբերուն: Տնային աղբերուն մէջ կրնան ըլլալ, ճաշի աւելցուքներ, կերպընկալէ իրեր, թուղթ, թիթեղ, կահոյքներ:

Ներկայիս աստիճանաբար կը բարձրանայ տարբեր ելեկտրական գործիքներու համեմատութիւնը` իբրեւ անգործածելի եւ կարծր աղբ:

Իսկ առողջապահական հաստատութիւնները, դարմանատուները եւ հիւանդանոցները ունին իրենց վտանգաւոր աղբերը, զորս հաւաքելը, փոխադրելը եւ փճացնելը հիմնական բաժինը կը կազմէ ընդհանուր վտանգաւոր աղբերու կառավարման ու փճացման հոլովոյթին:

Դասախօսը յաջորդ բաժինով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կարծր աղբերու քանակը նուազեցնել:

Նախ եւ առաջ ան ներկաներուն թելադրեց զգուշ ըլլալ, որ երբ որեւէ իր, ապրանք, ուտելիք պիտի գնենք, բաւարարուինք անհրաժեշտով, յատկապէս քանակի իմաստով:

Երկրորդ, երբ կարելիութիւնը կայ ապրանքի մը  կրկին օգտագործումին այլ աշխատանքի մը համար, անպայման այդ կատարել, պարզապէս նուազեցնելով աղբի քանակը:

Երրորդ` նուազեցնել նոյն ապրանքի քանակը տան մէջ, յաճախ նկատի ունենալ այնպիսի իրեր, որոնք կարելիութիւնը ունին կատարելու զանազան պաշտօններ:

Չորրորդ` օգտագործել այնպիսի իրեր, որոնք կարելի է շարունակաբար գործածել, յատկապէս ապակիէ պատրաստուած իրեր:

Հինգերորդ` վերամշակել. երբ աղբերը կը բաժնուին յստակ հաւաքուած ձեւով, կարելի է զանոնք վերամշակել եւ օգտագործել:

Աւարտին դասախօսը զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: