Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Մարմինը Թոյներէ Մաքրել Սննդականոնով» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 28 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս մարմինը թոյներէ մաքրել սննդականոնով» նիւթով, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան` վկայակոչելով բժշկութեան հայր Հիփոքրաթի այն խօսքը, թէ «ուտելիքը թող ըլլայ դեղդ»:

Բանջարեղէններու եւ պտղատու ծառերու համար գործածուող պարարտացուցիչները եւ միջատասպան դեղերը, պահածոներու համար գործածուող քիմիական նիւթերը, ապականած ջուրին եւ օդին հետ միասին, մարդկային մարմինը եւս կ՛ապականեն` պատճառ դառնալով զանազան հիւանդութիւններու յառաջացման:

Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ մարդ անհատի մարմինը ունի իր բնական հոլովոյթը` ինքզինք  մաքրելու տարբեր կուտակուած թոյներէ, գլխաւորաբար լեարդը եւ երիկամները ունին հիմնական դեր:

Տարբեր թոյներէ մարմինը մաքրելու  ծրագիրը կը նպաստէ նուազեցնելու զանազան թոյներու կուտակումը մարմնի համակարգին մէջ եւ ներառելու ճաշեր, ուտելիքներ, որոնք կը պահեն մարմնի առողջութիւնը` վերցնելով զանազան թոյներ:

Որո՞նք են այն անհատները, որոնք կարիքը ունին մարմինը մաքրելու տարբեր թոյներէ.

– Հազուադէպ մարզանք ընողները:
– Յաճախ յոգնած, թոյլ, ջղային անհատներ:
– Երբ իրենց շունչը կամ բերանը կը հոտի:
– Եթէ կը զգան, որ բաւական ուռած են եւ անմարսողութիւն ունին ճաշէն ետք:
– Քիչ քանակութեամբ  ջուր կ՛օգտագործեն:

Անհատի մարմինը տարբեր թոյներէ յատուկ ծրագիրով մը մաքրելը  վնասակար չէ եւ ունի իր օգտակար ու դրական արդիւնքները:

Մարիա Թէքէեան յաջորդաբար ներկայացուց  սննդականոններ ու տեսակներ` մաքրելու մարմինը տարբեր կուտակուած թոյներէ:

– Ջուրով ծոմապահութիւն.- Ասիկա բաւական խիստ սննդականոն է, երբ անհատը երեք օրուան ընթացքին ըմպելի ջուրի օգտագործումով կը մաքրէ մարմինը թոյներէ: Ասիկա կրնայ պատճառել գլխապտոյտ, գլխացաւ, մկանային ցաւեր եւ այլն:

– Հիւթերով սննդականոն.- Տարբեր պտուղներով պատրաստուած հիւթեր օրական վեց գաւաթ խմելը կը նպաստէ մարմնի թոյներէ ձերբազատման:

–  Հում ուտելիքներով պատրաստուած սննդականոն, որ կը ներառէ չեփուած ճաշ, չոր պտուղներ, պիստակեղէններ եւ հանքային ջուր:

Սննդագէտը նաեւ կարեւորութեամբ նշեց պտուղներու եւ բանջարեղէններու օգտագործումը`  նկատի ունենալով, որ անոնք ունին հակաթոյն յատկանիշներ:

Այս բաժինով Մարիա Թէքէեան բացատրեց, թէ որքան առողջապահական է, երբ տարբեր պտուղներ, բանջարեղէններ կ՛աճին, կը հասուննան բնական միջոցներով եւ կ՛օգտագործենք զանոնք մեր սննդականոնին մէջ: Անհրաժեշտ է այս ընթացքին հեռու մնալ կենդանական տարբեր արտադրութիւններէ`  միսէ, կաթէ, պանիրէ եւ այլն:

Վերոնշեալ սննդականոնին ընթացքին անհրաժեշտ է մարզանքը, ինչպէս նաեւ հեռու մնալ տարբեր վիճակներէ, որոնք կրնան պատճառել ընկճուածութիւն կամ գերճնշուածութիւն:

Ի՞նչ են վտանգները կամ կողմնակի ազդեցութիւնները այս սննդականոնին: Շատ կարեւոր է, որ վերոնշեալ սննդականոնը մօտաւորապէս ըլլայ երեքէն եօթը օրերու միջեւ եւ ոչ աւելի: Յոգնածութիւնը, ջղագրգռութիւնը, գլխացաւը, տարբեր կողմնակի ազդեցութիւններ են:

Աւարտին սննդագէտ Մարիա Թէքէեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: