ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Սիս) կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015- ին երեկոյեան ժամը 9։30-էն սկսեալ, «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ։։
Ընկհ. Մարօ Մանճիկեան, մասնաճիւղի ատենապետուհին, իր բացման խօսքին մէջ նշեց ձեռնարկին նպատակը՝ որու հասոյթը պիտի ծառայէ շրջանիս կարօտեալներուն եւ կրթանպաստ ստացողներուն։
Երգիչ `Մանուկ Մինասեան, իր ժողովրդական եւ հայաշունչ երգերով խանդավառեց եւ բարձրացուց ներկաներուն տրամադրութիւնը։
Ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ ըլլալով Գարմէն Աճէմեան իր մասնակցութիւնը բերաւ քանի մը հայերէն անոյշ երգերով։
Եղան նուիրատուութիւններ, ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն ու ներկաները ուրախ ու գոհունակ մեկնեցան սրահէն։








