Լուրեր

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  Վարչութեան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոն տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան, որ անդրադառնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան ըսաւ, թէ ազգին համար ծնած միութեան պատմութիւնը գրուած է…

Աւելին
Հայկական Աւանդութիւններուն Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին՝ Ուրբաթ 27 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ՝ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդութիւններուն նուիրուած ձեռնարկ: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Ռիթա Լաքիսեանը: Ան քաջալերեց Հայ մայրերը եւ մեծ մայրերը պահպանելու հայկական աւանդութիւնները իրենց…

Աւելին
Տարեցներու Հաւաքոյթ Զատկուայ Տօնին Առթիւ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին եւ նուիրատուութեամբ Զէյթլեան ընտանիքին, Հինգշաբթի 26 Մարտ 2015-ին, ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու Զատկուայ աւանդական հաւաքոյթը: Հաւաքոյթին ներկայ էին Հայր Վահրիժ Ղարախանեան, Տէր Աշոտ աւագ քհնյ. Գարագաշեան, Տէր Արսէն Քէշիշեան, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, քոյրեր Լորէնցիա Գապագեան եւ Թէոպիսթէ Պետրոսեան, Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը…

Աւելին
Գարնանային ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի գարնանային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015ին , Հ Յ Դ «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ընկհ.Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներու, օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ.Մարլէն Տանակէօզեանի, ԼՕԽ-ականներու եւ հիւրերու: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք , վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Շաքէ…

Աւելին
«Ընկերային հաւաքոյթ»

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) կազմակերպած «Ընկերային հաւաքոյթ»ը, գարնանամուտի առիթով,տեղի ունեցաւ երեքշաբթի ,24 Մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի եւ բազմաթիւ ընկերուհիներու։ Վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Զեփիւռ Պոնիագրապեան, իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, ապա ընթերցեց «Հայ եկեղեցւոյ տօները եւ անոնց հետ…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Գարնանային հաճելի կլիման խանդավառած էր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերային յանձնախումբը, հրաւիրելու մասնաճիւղի անդամուհիները եւ բարեկամուհիները հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ 24 Մարտ 2015-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբօ Աշճեան» սրահին մէջ, որ ծայրէ ծայր լեցուն էր: Հադիսութիւնը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, ապա յանձնախումբի ատենապետուհին բացուած յայտարարեց հանդիպումը: Ան բարի գալուստի քանի մը խօսքով ողջունեց…

Աւելին
Մանուկներու Միջազգային Օր»-ուան Հանդիսաւոր Նշում ( 2015)

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւն մատուցելով հայ ազգի զաւակներուն, աւելի՛ն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր յանձնախումբերուն ճամբով կը միտի հասնիլ բոլոր խաւերուն, յատկապէս` մանուկներուն: Այդ նպատակով ալ, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քարոզչական յանձնախումբին…

Աւելին
Արեան Տուչութեան Արշաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, արեան տուչութեան արշաւ մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, գործակցութեամբ Լիբանանի…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Մորթային Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Մորթային հիւանդութիւններ»-ը, զոր ներկայացուց մորթային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Մարի Գասապեան: Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ…

Աւելին
«Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-ամեակի Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռաուտայի «Էհլան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը հանդիսութեամբ մը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը: Սոյն առիթով, իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տէր Նորայր եպս. Աշըգեան: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ, շրջանի պատկան մարմնի…

Աւելին
«Մեր Անմեղ Զոհերու Թափած Արեան Փոխարէն Ապրած Ու Գոյատեւած Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Արեամբ Նոր Կեանք Պիտի Տանք» Սիրուն Վարդապետեան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը պիտի նշուի տարբեր ձեւերով: Առողջապահական յանձնախումբի ծրագիրներուն, յատկապէս արեան տուչութեան արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու միտումով հարցազրոյց մը կատարուած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանին հետ: Հարցազրոյցը կը հրատարակենք ստորեւ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը…

Աւելին
Միջինքի Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան (Զահլէ), Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ին կէսօրուան ժամը 12։00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Միջինքի հաւաքոյթը, «Թիլալ» ճաշարանին մէջ։ Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Մարկօ Բարսեղեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցողիկ…

Աւելին
Մասնաճիւղի 35-Ամեակի Նշում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Զալքայի «Արարատ փալաս» ճաշարանին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դիտել տուաւ. «Սփիւռքեան պայմաններու մէջ…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Մարսողական Դժուարութիւններ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Մարսողական դժուարութիւններ» նիւթով, զոր ներկայացուց վիրաբուժ տոքթ. Զարեհ Մալճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա…

Աւելին
«Կանանց Միջազգային Օր»Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին՝ Երկուշաբթի 9 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային Տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային Օրուան հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լ.Օ.Խ.-ի շրջանային վարչութեան անդամ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանը, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի վարչութիւնը, ընկերուհիները, Տիկնանց Միութիւններու…

Աւելին
Ընտանեկան ճաշկերոյթ

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը (Թրիփոլի) վերջին երկու տարիներու ընթացքին դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ՝ Լիբանանի քաղաքական կացութեան աննպաստ պայմաններու բերումով եւ այս մէկը ժխտական իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Թրիփոլիի հայ գաղութի առօրեային վրայ, հակառակ սակայն տիրող կացութեան, «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի ընկերուհիները ճիգ չի խնայեցին վերաշխուժացնելու շրջանը : Անոնք կազմակերպեցին ընտանեկան ճաշկերոյթ մը, կիրակի ,1 Մարտ 2015-ին…

Աւելին
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԼՕԽ-Ի «ՆԱՅԻՐԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ՆԵՐՍ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ի «Ն. Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամներու: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Գարայեան ողջունեց ներկաները եւ…

Աւելին
«Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար մը: Նախաձեռնութեան նպատակն էր շեշտել հայ երիտասարդին դերակատարութիւնը կազմակերպութիւններուն եւ համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ կամաւոր ծառայութեան ունեցած դրական…

Աւելին
Բարեկենդան

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Մարաշ) կազմակերպած բարեկենդանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015- ին, առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ «Եասամին» ճաշարանին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էր Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան եւ մօտ 70 ընկերուհիներ եւ համակիրներ։ Հակառակ անբարենպաստ եղանակին, խանդավառ ընկերուհիներու ազնիւ ներկայութեամբ, ճոխ ու համադամ ճաշատեսակներով, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կայացաւ ձեռնարկը…

Աւելին
«Գարնանային հանդիպում»

Կազմակերպութեամբ ՝ԼՕԽ-ի « Արցախ» մասնաճիղի (Ռապիէ) , վարչութեան , ուրբաթ 6 Մարտ 2015–ին , առաւօտեան ժամը 11–էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ «Գարնանային հանդիպում» ձեռնարկ մը, « Պաչիկ» ճաշարանին մէջ , Անթիլիաս, ներկայութեամբ՝ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Մարօ Սալխանեանի, մասնաճիւղի ընկերուհիներու, բարեկամուհիներու եւ համակիրներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք…

Աւելին
Մեծ Պահքի « Հաւաքոյթ ճաշը»

Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին,«Պաուշրիէ«-ի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի, Մեծ Պահքի առթիւ կազմակերպած հաւաքոյթ-ճաշը: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լենա Արամ, ան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանին,կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Սօսի Տեմիրճեանին, օրուան…

Աւելին
Կիներու Միջազգային Օրուան Տօնակատարութիւն. Ներկայացում` Ազգային Կեանքին Մէջ Հայ Կնոջ Բերած Ներդրումին

Կիներու միջազգային օրուան առիթով նախաձեռնութիւնները սկսան երէկ` երկուշաբթի, 2 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Հայ կնոջ բերած ներդրումը ազգային կեանքին մէջ» նիւթով դասախօսական ձեռնարկով: Լիբանանահայ կիներու հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցած…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

26 Փետրուար 2015-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած «Ընկերային հանդիպում»ը, Արագած ակումբի «Սարգիս Գալայճեան »սրահին մէջ։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Քնար Մակարեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով մասնաճիւղին նեցուկ կանգնող քոյր մասնաճիւղերուն։ Օրուան հանդիպման նպատակը փոխանցեց ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեան, որ իսկական դրուագներու միջոցաւ ներկայացուց 1915-էն ետք ցարդ 100-ամեակի ընթացքին…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Ոտքի Ոսկորի Հարցեր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Ոտքի ոսկորի հարցեր»-ը, զոր ներկայացուց բեկաբուժ – վիրաբուժ տոքթ. Փետրօ Նախլէ: Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին անունով…

Աւելին