Դասախօսութիւն` «Մարսողական Դժուարութիւններ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Մարսողական դժուարութիւններ» նիւթով, զոր ներկայացուց վիրաբուժ տոքթ. Զարեհ Մալճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ մարսողական դժուարութիւնները կամ անհանգստութիւնները զանազան տեսակի են: Անոնք յաճախ կ՛արտայայտուին փսխուքի, որկորի այրուածքի, կազի արտադրութեան, խիթի, փորի ցաւի եւ փքուռոյց անմարսողութեան եւ այլ ձեւերով:

Տոքթ. Զարեհ Մալճեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով մարսողական համակարգը, որ կը սկսի բերանի բացուածքով` հասնելով մինչեւ սրբան:

Անմարսողութիւնը առողջական անհանգիստ վիճակ մըն է, բայց հիւանդութիւն չէ, անիկա զանազան հիւանդութիւններու արդիւնք կրնայ ըլլալ կամ անոնց ընկերակցող երեւոյթ մը:

Ի՞նչ են ախտանշանները անմարսողութեան:

  • Տաքութիւն, այրուածք, ցաւ\
  • Անհանգիստ զգացում, ուռած զգալ
  • Սրտխառնուք
  • Անմարսողութիւն եւ որկորի այրուածք, որոնք տարբեր անհանգստութիւններ չեն:

Շարունակելով դասախօսութիւնը` տոքթ. Զարեհ Մալճեան ներկայացուց շարք մը բացատրութիւններ` իբրեւ անմարսողութեան պատճառներ: Սրտի հարցերը կամ անմարսողութիւնը իրարու հետ հազուագիւտ կը պատահին:

  • Ալքոլի բարձր համեմատութեամբ գործածութիւնը, յատկապէս անօթի փորով:
  • Սուր համեմունքով ճաշեր, բարձր համեմատութեամբ իւղով ճաշեր:
  • Շատ ուտելը:
  • Արագ ուտելը:
  • Երբ ջղային վիճակ կայ անհատին մօտ:
  • Բարձր համեմատութեամբ մանրաթել պարունակող ճաշեր:
  • Ծխախոտը
  • Բարձր քանակութեամբ սուրճի օգտագործումը:

Անմարսողութեան պատճառներուն շարքը շարունակելով` տոքթ. Զարեհ Մալճեան թուեց նաեւ հետեւեալները.

  • Լեղուցքի քարերը:
  • Երբ ստամոքսի ներքին մասը կը բորբոքի:
  • Երբ ենթաստամոքսային գեղձը (փանքրէաս) անհանգիստ է:
  • Երբ ստամոքսին կամ աղիքին մէջ կան վէրքեր, խոցեր:
  • Ասփիրինի կամ հակաբորբոքումի դեղերու գործածութիւնը:

Ինչպէ՞ս կարելի է բարելաւել անմարսողութեան վիճակը:

  • Ճաշը ուտելու բաւարար ժամանակ տրամադրելով:
  • Ուշադրութեամբ եւ ամբողջութեամբ ծամել ճաշը:
  • Ճաշի ընթացքին չվիճաբանիլ կամ չջղագրգռուիլ:
  • Ճաշի աւարտին մարզանք չկատարել:

Տոքթ. Զարեհ Մալճեան խօսեցաւ նաեւ մարսողութեան հոլովոյթին նպաստող տարբեր դեղերու գործածութեան եւ տեսակներուն մասին:

Ե՞րբ դիմել բժիշկին:

  • Երբ անմարսողութիւնը կը տեւէ մէկ շաբաթէ աւելի:
  • Երբ ենթակային կշիռքը կը նուազի:
  • Երբ կը յայտնուի յանկարծակի փորի ցաւ:
  • Երբ հիւանդը ունի կլլելու դժուարութիւն եւ անիկա աստիճանաբար կը զարգանայ:

Աւարտին տոքթ. Զարեհ Մալճեան տարբեր օրինակներով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: