Ընկերային Հանդիպում

Գարնանային հաճելի կլիման խանդավառած էր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերային յանձնախումբը, հրաւիրելու մասնաճիւղի անդամուհիները եւ բարեկամուհիները հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ 24 Մարտ 2015-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբօ Աշճեան» սրահին մէջ, որ ծայրէ ծայր լեցուն էր:

Հադիսութիւնը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, ապա յանձնախումբի ատենապետուհին բացուած յայտարարեց հանդիպումը: Ան բարի գալուստի քանի մը խօսքով ողջունեց ներկաները, ուրախութիւն յայտնելով անոնց բազմանդամ ներկայութեան, որմէ ետք ան հրաւիրեց մասնաճիւղի անդամուհի գրագիտուհի Շահանդուխտը, իր սրտին խօսքը արտայայտելու:

Շահանդուխտ նշեց ներկայութիւնը հաւատարիմ ընկերուհիներուն, որոնք եղեռնի 100-ամեակի առիթով իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնէին, մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:

Մեծ պահոց օրերն էին, հետեւաբար բանախօս ընկերուհին յիշեց Ս. Գրականութիւն ստեղծած Ներսէս Շնորհալին եւ Գրիգոր Նարեկացին, քառեակներ եւ բաժիններ արտասանելով անոնց գործերէն:

Խօսքին բ. մասով ընկերուհին շեշտը դրաւ հարիւրամեակի նշումին եւ թելադրեց մայրերուն տէրը ըլլալ ընտանիքին, զաւակներուն, պահպանելու համար մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակներուն յիշատակը, աղօթքներով, բարի վարուց կեանք մը ներշնչելով իրենց դեռատի զաւակներուն: Ան խօսքը աւարտեց արտասանելով Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» ի քսանչորս տուներէն բաժին մը:

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի մտաւորական ընկերուհիներէն՝ Սօսէ Ճինպաշեան հրաւիրուեցաւ բացայայտելու 100-ամեակի նուիրուած «Անմոռուկ» ծաղիկին խոդհրդանիշը, ան շեշտը դրաւ հայապահպանման գործին, իր խօսքը ուղղելով մեր մայրերուն հետեւելու իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան:

Երրորդ խօսք առնողը եղաւ հայերէն լեզուի դաստիարակ, մասնաճիւղի ընկերուհի՝ Շաքէ Եագուպեան: Ան մատնանշեց 2015 թուականի խորհրդանշական արժէքը, մեր մայրերուն անձնուիրութիւնը եւ արտասանեց Սիպիլի մէկ բանաստեղծութիւնը:

Օրուան յայտագրին բանախօսական բաժինէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ շնորհալի ընկերուհիներու. Տինա Հատտատ՝ երգով, Եղիսաբէթ Կիւլիսէրեան՝ արտասանութեամբ, Անի՝ երգով, Մարալ Վարդապետեան՝ արտասանութեամբ, ընկերակցութեամբ օրուան երգի եւ նուագի բաժինը ստանձնած՝ Գէորգ Պաղտասարեանի մէկ նուագին:

Օրուան յայտնութիւնը եղաւ երիտասարդ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան, որ իր հաճելի ձայնով մեկնաբանեց Սայաթ Նովայէն փունջ մը երգեր, արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափահարութեան: Այս ընթացքին «Աշխէն» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը ներկաներուն նուիրեց ապակիի վրայ գծուած «Անմոռուկ» ծաղիկին պնակը:

Սեղանները արդէն պատրաստ էին մեծ պահոց յատուկ ճաշերով:

Օրուան մթնոլորտէն խանդավառուած եղան նուիրատուութիւններ մասնաճիւղի օգտին:

Իր տեսակին մէջ օրինակելի ձեռնարկ մը, որ գոհունակութիւն ներշնչեց ներկաներուն: