Մեծ Պահքի « Հաւաքոյթ ճաշը»

Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին,«Պաուշրիէ«-ի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի, Մեծ Պահքի առթիւ կազմակերպած հաւաքոյթ-ճաշը:

   Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լենա Արամ, ան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանին,կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Սօսի Տեմիրճեանին, օրուան դասախօս՝ ընկհ.Յասմիկ Գէորգեանին,մասնաճիւղի անդամուհիներուն եւ ներկաներուն:

Ապա կենսագրական հակիրճ կէտերով ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը , հրաւիրեց զայն զեկուցելու, «Մեծ Պահքի» շրջանին տեղի ունեցող եկեղեցական տօներու ու հայկական աւանդութիւններու մասին:

   Յասմիկ Գէորգեան իր խօսքի սկիզբը նկատել տուաւ որ, այնքան ատեն հայ ժողովուրդը կը պահպանէ ու տէր կը կանգնի դարերու խորքէն եկած իր պապերու ազգային արժէքներուն, մշակույթին եւ աւանդութիւններուն, կը գոյատեւէ ու կ՝ապրի յաւերժ:

   Ապա մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Տեառնդառաջի, բարեկենդանի, միջինքի, ճրագալոյցի, խթման գիշերուան ընթրիքին ու Սուրբ Զատկուայ Քրիստոնէական ըմբռնումներուն մասին, ու շեշտը դրաւ իւրաքանչիւր տօնի առթիւ տեղի ունեցող հայկական սովորութիւններուն ու տօնախմբութիւններուն :

   Ան հայկական աւանդական սովորութիւններուն ու ծէսերուն անդրադառնալու կողքին ներկայացուց « Ակլատիզ» Տիկնիկը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

   Դասախօսութեան աւարտին «Արազ» Մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիները հրամցուցին իրենց պատրաստած Մեծ Պահքի յատուկ, այլազան ճաշերը, որ ներկաներուն գնահատանքին արժանացաւ:

   Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն ու նուիրատուութիւններ: