«Գարնանային հանդիպում»

Կազմակերպութեամբ ՝ԼՕԽ-ի « Արցախ» մասնաճիղի (Ռապիէ) , վարչութեան , ուրբաթ 6 Մարտ 2015–ին , առաւօտեան ժամը 11–էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ «Գարնանային հանդիպում» ձեռնարկ մը, « Պաչիկ» ճաշարանին մէջ , Անթիլիաս, ներկայութեամբ՝ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Մարօ Սալխանեանի, մասնաճիւղի ընկերուհիներու, բարեկամուհիներու եւ համակիրներու:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի մարդասիրական ծաւալուն գործունէութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակը:

Ձեռնարկին ջերմ ու հարազատ ընտանեկան մթնոլորտը ուրախութիւն ներշնչեց , որ դրսեւորուեցաւ նուիրատուութիւններով:

Ներկաները ուրախ բաժնուեցան ……դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: