Ընկերային Հանդիպում

26 Փետրուար 2015-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած «Ընկերային հանդիպում»ը, Արագած ակումբի «Սարգիս Գալայճեան »սրահին մէջ։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Քնար Մակարեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով մասնաճիւղին նեցուկ կանգնող քոյր մասնաճիւղերուն։

Օրուան հանդիպման նպատակը փոխանցեց ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեան, որ իսկական դրուագներու միջոցաւ ներկայացուց 1915-էն ետք ցարդ 100-ամեակի ընթացքին ճողոպրած հայութեան իրավիճակը։

Ձեռնարկը խանդավառեց Պրն. Սեդօ Պաղտասարեան իր հայկական երգերով եւ եղանակներով։
Տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն եւ վիճակահանութիւն։