Արեան Տուչութեան Արշաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, արեան տուչութեան արշաւ մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, գործակցութեամբ Լիբանանի կարմիր խաչին:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած այս արշաւին ծիրին մէջ կեդրոն ներկայացան մեծ թիւով հայորդիներ` իրենց արիւնը նուիրաբերելու կարիքը ունեցող հիւանդի մը կեանքը փրկելու համար եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ եղեռնին զոհուած հայ անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Այս առիթով կու գանք շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար իրենց արիւնը նուիրաբերեցին եւ սատարեցին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան: Ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն ԼՕԽ-ի հետ գործակցող լրատուամիջոցներուն, քոյր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ համալսարանականներուն: