Դասախօսութիւն` «Ոտքի Ոսկորի Հարցեր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Ոտքի ոսկորի հարցեր»-ը, զոր ներկայացուց բեկաբուժ – վիրաբուժ տոքթ. Փետրօ Նախլէ:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ ոտքերը մարմնի յենարաններն են: Ոտքի որեւէ տեսակի անհանգստութիւն արգելք կը հանդիսանայ մեր առօրեայ կեանքի հեզասահ ընթացքին:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրելով ոտքի կառոյցը, ոսկորները, մկանները, յօդակապերը: Ան ոտքը բաժնեց երեք մասի` ետեւի, միջին ու առջեւի մասերը: Նշեց նաեւ, թէ ոտքը մօտաւորապէս 15 ոսկորներէ կը բաղկանայ, ինչպէս նաեւ մկաններէ, յօդակապերէ եւ այլն:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ յաջորդ բաժինով բաւական մանրամասն խօսեցաւ ոտքի յատուկ հարցի մը մասին, որ կը կոչուի (Հալիւքս Վալկիւս):

Հալիւքս կը նշանակէ ոտքի մեծ մատ, բթամատ
Վալկիւս կը նշանակէ ծռիլ, թեքուիլ:

Հետեւաբար ոտքի մեծ մատի, բթամատի դէպի ներս թեքուիլը:

Վերոնշեալ երեւոյթը ունի իր հիմնական պատճառները.

ա- Ժառանգական ազդակը:
բ- Երկար ժամանակ բարձր եւ սրածայր կօշիկներու գործածութիւնը:
գ- Ոտքի կառոյցը, ձեւը:
դ- Ոտքի յատակը տափակ ըլլալու պարագան կը նկատուի Հալիւքս Վալկիւս վիճակի յայտնուիլը:

Այս բաժինով պէտք է նկատի ունենալ այն կացութիւնը, թէ ոտքի մատներու կառոյցը կը նպաստէՀալիւքս Վալկիւսի զարգացման: Եթէ պարագան ի ծնէ այդպէս է, ատիկա կը զարգանայ 20-25 տարեկանի միջեւ, իսկ երբ աւելի ուշ, 60 տարեկանէն վերջ:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ ընթացքով ոտքի բթամատը կը թեքուի եւ ի՛նչ աստիճանի ու տարողութեան կը հասնի կացութիւնը:

Ի՞նչ են ախտանշանները.- Ոտքի բթամատի թեքուիլը, սուր ցաւ, տարբեր բորբոքումներու առկայութիւնը, կոշտուքներու յայտնուիլը եւ բազմացումը:

Հալիւքս Վալկիւսի բուժման մասին խօսելով` բժիշկը հարցը բաժնեց գլխաւոր երկու ուղղութեան:

Առաջին.- Յարաբերաբար այս կը նպաստէ բթամատի աւելի դանդաղ թեքումին, ու դադրեցման, բայց ոչ վերջնական բուժման:

Շուտով դադրեցնել բարձր կօշիկներու օգտագործումը:

Գործածել յատուկ կազմածներ որոնք կը նպաստեն ոտքի ընդհանուր ճնշումի տարածման ու հաւասարակշռութեան:

Երկրորդ.- Այս ուղղութիւնը վերջնականապէս կը բուժէ եւ կը լուծէ ոտքի բթամատի  թեքումը: Գործողութեամբ կարելի է դադրեցնել եւ ուղղել ոտքի մատները:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ նաեւ ներկայացուց այլ ոտքի ոսկորներու հարցեր, անոնց պատճառները, ախտանշանները, բուժման միջոցները:

Աւարտին դասախօսը տարբեր օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: