Ընտանեկան ճաշկերոյթ

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը (Թրիփոլի) վերջին երկու տարիներու ընթացքին դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ՝ Լիբանանի քաղաքական կացութեան աննպաստ պայմաններու բերումով եւ այս մէկը ժխտական իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Թրիփոլիի հայ գաղութի առօրեային վրայ, հակառակ սակայն տիրող կացութեան, «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի ընկերուհիները ճիգ չի խնայեցին վերաշխուժացնելու շրջանը :

Անոնք կազմակերպեցին ընտանեկան ճաշկերոյթ մը, կիրակի ,1 Մարտ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1։00-էն սկսեալ «Բերդավայր» կոմիտէութեան «Խաչիկ Պապիկեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան։

Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներ՝ Սիլվա Գարակէօզեան (ներկայացուցիչ), Ազատուհի Սարգիսեան եւ Սանդուխտ Հերկելեան, շրջանի Ազգ. կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ընկերուհիներ ,ԼՕԽ-ի համակիրներ ու բարեկամներ , մօտ 120 հոգի ։

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլիզ Չաթոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց վերսկսելու իրենց աշխատանքներուն, քաղաքական կացութեան բարելաւման յոյսով։

Ապա հրաւիրեց Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ քահանայ՝ հայրը՝ Տէր Ռուբէն Միսիսեանը, որ օրհնէ սեղանները։

Ներկաները ճաշակեցին ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած համեղ ճաշերը։

Օրուան մթնոլորտը ճոխացուցին Շաքէ եւ Սեդօ Պաղտասարեաններ, հայ երգի գեղեցիկ կատարողութեամբ անոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս: ։

Ապա բեմ հրաւիրուեցան 35-ամեայ ծառայութիւն մատուցած «Այծեմնիկ» մասնաճիւղին մէջ երեց ընկերուհիները, որոնք պատուուեցան յատուկ յուշանուէրով մը։

Ընկերուհիներն էին՝ Շողիկ Կոնճեան,Շաքէ Չաղլասեան,Սեդա Շաննաքեան,Վիգթորեայ Ռստիկեան,Մարօ Սրապոնեան, Գեղուհի Սահակեան, , Մելինէ Սրապոնեան եւ Զուարդ Հինտոյեան:

Աշուղական երգերուն յաջորդեց յեղափոխական երգերու շարքը, որու ընթացքին սրահին մէջ ծածանեցաւ ԼՕԽ-ի եւ եռագոյն դրօշները. ներկաները անբացատրելի խանդավառութիւն կ՛ապրէին, զօրակցութիւն յայտնելով եկեղեցիին, դպրոցին եւ ակումբին եւ ԼՕԽ-ին։

Մերթ ընդ մերթ ընկհ. ատենապետուհին հայկական լոզունքներով կը բարձրացնէր տրամադրութիւնները:

Իւրաքանչիւր սեղանի վրայ զետեղուեցաւ ԼՕԽ-ի նշանակը կրող կարկանդակ մը վրան մոմով, զորս հատեցին վաստակաշատ ընկերուհիները։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։

Այս ձեռնարկը խթան հանդիսացաւ վերանորոգ թափով շարունակելու ԼՕԽ-ի բազմածաւալ գործունէութիւնը։