Նոր տարուան առիթով ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Հայաշէնի
Ժողովրդային տան` «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային վարչութենէն Սօսի Արամեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարկօ Կոտալազեան, ԼՕԽ-ի կարգ մը մասնաճիւղերէ հրաւիրեալներ, անդամուհիներ եւ թաղեցիներ:
Բացման խօսքով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց միութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ նախ շնորհաւորեց անոնք, որոնք Յակոբ անունը կրող հարազատներ ունին, մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն: Ապա Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններէն ետք ներկաներուն փոխանցեց Հայաստանի զանազան գաւառներու, հայկական Նոր տարուան, աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններ` սկսեալ Վանէն, Մուշէն, Սասունէն, Կիլիկիայէն, Արցախէն եւ հասնելով Երեւան. ան յայտնեց, որ այդ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները մինչեւ օրս կը գործադրուին: Ան նաեւ ներկայացուց այն տեսականի միրգերը, ուտեստեղէնը եւ անուշեղէնները, որոնք կը զարդարեն մեր սեղանները, եւ որոնց ներկայութիւնը առատութիւն եւ բարեբերութիւն կը խորհրդանշեն: Շ. Պաղտասարեան յիշեց նաեւ տան անդամներուն միջեւ եղած յարգանքը իրարու հանդէպ` հարս, կեսուր եւ զաւակներ, իրարու միջեւ փոխանցուած նուէրները եւ այլն, մաղթեց, որ շարունակուին եւ յարատեւեն այդ բոլորը: Ուրախ մթնոլորտի մէջ դիմաւորուեցաւ Կաղանդ պապուկը, որ երգերով ու պարերով զուարճացնելէ ետք բոլորը, ներկաներուն նուէրներ բաժնեց: Ներկաները ճաշեցին վարչականներուն ձեռամբ պատրաստուած համեղ ճաշերը: Բոլորը գոհունակ սրտով իրարմէ բաժնուեցան` մաղթելով աշխարհին, յատկապէս Լիբանանին խաղաղութիւն:











