Փոքրիկներու Ամանոր

ԼՕԽի Ֆանարի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի Ամանորի փոքրիկներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2014- ին, Ֆանարի Ս. Մատրան սրահին մէջ։

Վարչութեան ատենապետուհին ամենայն բարիք մաղթեց ներկաներուն եւ ընկերուհիներուն։

Ընկերուհիները եւ «Ուրախ Տարեդարձ» խումբը իրենց ծրագիրներով եւ յայտագիրներով ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին, Կաղանդ Պապուկին ներկայութիւնը խանդավառեց փոքրիկները որոնք պարելով ու երգելով հաճելի մթնոլորտ անցուցին, ինչպէս նաեւ ստացան նուէրներ։