Դասախօսութիւն` «Տարեցներու Մօտ Վհատութիւնը Յաղթահարելու Միջոցները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Տարեցներու մօտ վհատութիւնը յաղթահարելու միջոցները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հիւանդապահութեան դասախօս Սօսի Պալեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան նշեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2014 տարին հռչակած է «Տարեցներու տարի» եւ այդ առիթով իր հայրապետական պատգամի աւարտին կը մաղթէ, որ առ բարձրեալն Աստուած հայոց եկեղեցւոյ յառաջացեալ տարիքի զաւակներուն կեանքը լեցնէ առողջութեան եւ երջանկութեան առաւելագոյն բարիքներով:

Սօսի Պալեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով, թէ ո՛վ է տարեցը: Տարեցը ըսելով պէտք է հասկնանք 65 եւ աւելի տարիք ունեցող անհատներ: Ներկայիս մարդ արարածը աւելի երկար կ՛ապրի քան նախորդ դարերուն: Ներկայիս 65 տարեկանէն վեր ապրողներուն համեմատութիւնը  բնակչութեան մօտաւորապէս 16 առ հարիւրն է:

Վհատութիւն կը նշանակէ ընկճուածութիւն, յուսահատութիւն, անքաջալերանք-լքուած զգալ կամ բարոյալքում, որ բնական հակազդեցութիւնն է ճնշուածութեան: Վհատութիւնը ամիսներ տեւելով կ՛առաջնորդէ զանազան հիւանդութիւններու` ազդելով մարմինին ու մտքին վրայ:

Տարեցներու մօտ վհատութիւնը կարելի է դարմանել ճիշդ հոգատարութեամբ, անհատական ջանքերով ու պատշաճ դարմանումով: Վհատութիւնը կապ ունի ժառանգականութեան ու միջավայրի հետ:

Դասախօսը թուեց վհատութեան պատճառները, ինչպէս` բարդ առողջապահական խանգարումները, սիրելի անձի մը կորուստը, գործէ դադրիլը, մեկուսացուած կամ լքուած ըլլալը, դեղերու փոփոխութիւնը, հորմոնային փոփոխութիւնները, ոգելից ըմպելիի եւ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը:

Ի՞նչ են ախտանշանները: Քունի խանգարում, տրտմութիւն, ախորժակի փոփոխութիւն, Ֆիզիքական ցաւեր եւ յոգնածութիւն, ջղագրգռութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն, հետաքրքրութեան նուազում կամ հաճոյազրկում, ընկերային կեանքէ հեռացում, կեդրոնացումի նուազում, մոռացկոտութիւն, կրկնուող մտածումներ մահուան կամ անձնասպանութեան մասին:

Յառաջացած տարիքը ժամանակն է հանգստանալու եւ ընելու աշխատանքներ, որոնք տարեցը անցեալին չէ ըրած: Տարեցներու մօտ հոգեբանական յաջողութիւնը կը դրսեւորուի իրենց յարմարելու կարողութեան մէջ եւ թէ ինչպէ՛ս հոգեկան գոհացում կը գտնեն կեանքէն:

Սօսի Պալեան նշեց, որ յառաջացած տարիքը ընկերութեան կողմէ որոշ ժխտական մօտեցում կը դրսեւորէ: Դասախօսը նշեց հոգեբան-մանկավարժ Էրիքսոնի աճման տեսութիւնը, թէ մարդ էակին կեանքը կը բաղկանայ 8 հանգրուաններէ կազմուած հիմնական շրջաններէ` սկսելով ծնունդէն մինչեւ մահ: Ամէն մէկ հանգրուան ունի աճման յատուկ պարտականութիւն: Իսկ տարեց մարդուն աճման գործը պէտք է ըլլայ անհատականութեան ամբողջացումը, ընդունիլ մեր ապրելաոճը` հաւատալով որ այն որոշումները, զորս տուած ենք կեանքի ընթացքին յատուկ ժամանակներու, լաւագոյններն էին, երբ մենք մեր կեանքի ղեկավարներն էինք:

Պալեան իր դասախօսութեան մէջ ներկայացուց շարք մը միջոցներ եւ թելադրութիւններ` յատուկ տարեցներու.

1.- Ըլլալ լաւատես

2.- Զսպել զգացումներ եւ կացութիւններ

3.- Ունենալ ընկերային նեցուկ, նոր բարեկամներ, նոր միջավայր

4.- Ունենալ հոգեկան հանդարտեցուցիչ աղբիւրներ, կարդալ, երաժշտութիւն ունկնդրել, մարզանք ընել

5.- Քնանալ օրական 7-9 ժամ

6.-Հետեւիլ առողջ ճաշացուցակի

7.- Նուիրուիլ կամաւոր աշխատանքի` մասնակցելով զանազան գործունէութիւններու, որոնք հաճոյք կը պատճառեն տարեցին

8.- Ստեղծագործ նոր բան սորվիլ, գրել, ձեռային աշխատանքներ կատարել, նկարել, ճաշ եփել

9.- Առիթներ ստեղծել խնդալու եւ խնդացնելու:

Տարեցներու մօտ վհատութիւնը կանխարգիլելու եւ դարմանելու մէջ, ընտանիքն ու տարեցին շրջապատը կարեւոր դերակատարութիւն ունին:

Աւարտին, Սօսի Պալեան տարբեր բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: