Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ռապիէի շրջանի «Արցախ» Մասնաճիւղի վարչութեան, նախագահութեամբ Տիկին Ժէյն Այանեանի, 5 դեկտեմբեր 2014-ին, «Լո Ռուաեալ»« Le Royal » պանդոկի « Ռուպի Պալրում» «Ruby Ballroom » շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճաշկերոյթ» ձեռնարկ մը , ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի , բազմաթիւ ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Իզապէլ Տեքերմենճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ նախագահուհիին , անոր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան ԼՕԽ-ի բարեսիրկան աշխատանքներուն:
Ան ներկաներուն փոխանցեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 1ՕՕ ամեակը խորհրդանշող «Անմեռուկ Ծաղիկ«-ին իմաստն ու թերթիկներուն բացատրութիւնը, որմէ ետք բոլորին հրամցուեցաւ մանիշակագոյն ծաղիկներով թաղարներ....
Գեղարուեստական յայտագրով «սագսիֆոնի» վրայ նուագեց Գարնօ Սիմոնեան:
Տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ, վիճակաձգութիւն , եւ իւրաքանչիւր ներկայ ստացաւ նուէր մը տրամադրուած վարչութեան կողմէ:









