“Ա. Ազիրեան” մասնաճիւղի «Աշնանային Ձեռնարկ»ը

ԼՕԽ-ի “ Ա. Ազիրեան” մասնաճիւղի «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 4 Նոյեմբեր 2014-ին, Ազիրեան ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահէն ներս։

Մասնաճիւղի ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն մասնակցութեան։

Հայկական երաժշտութեամբ ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացուց Սեդօ Պաղտասարեան։

Վիճակահանութենէն ետք ընկերուհիները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան։