ԼՕԽ-ականները Ըմբոշխնեցին «Թեւանիկ» Ժապաւէնը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Բացման խօսքը արտասանեց Շողիկ Խաչատուրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Ոսկիէ ծիրան» շարժապատկերի այս տարուան փառատօնին ոսկիէ ծիրան մրցանակի դափնեկիր «Թեւանիկ» ժապաւէնին, որուն մէջ կ՛արտացոլայ արցախեան պատերազմական առօրեան: Ան ըսաւ, որ բեմադրիչը ականատեսի վկայութեամբ հանդիսատեսին կը փոխանցէ այն իրականութիւնը, որ պատերազմը լոկ թնդանօթ եւ հրասայլ չէ, այլ այդ բոլորին ցնցումէն տուժած իրականութիւն, կոտրած սրտեր, չապրուած մանկութիւն, քանդուած պատանեկութիւն, բաժնուած ընտանիքներ եւ այլն:

Ապա ժապաւէնը ներկայացուց եւ անոր մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան, որ շեշտեց, թէ ընդհանրապէս պատերազմի, պատերազմական դաժան գործողութիւններու եւ անորոշ դէպքերով լի առօրեային հիմնական տուժողն ու անոնց հիմնական զոհը կը դառնան մանուկները` աւելցնելով, որ արցախեան պատերազմին ընթացքին թէեւ բազում պատմութիւններ արձանագրուած են, բազմաթիւ դէպքեր տեղի ունեցած, սակայն այդ բոլորին մասին շատ բան չէ գրուած եւ փոխանցուած:

«Թեւանիկ»  ժապաւէնը կու գայ արցախեան պատերազմի առօրեայէն առնչուած պատկերներ ներկայացնելու ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքին, յատկապէս այն պատճառով, որ հոն հռետորութիւն չկայ, քարոզ չկայ, այլ կան դէպքերը, ապրումները եւ դիտողը պիտի թափանցէ անոնց խորքը», դիտել տուաւ Նորա Բարսեղեան` տեղեկացնելով, որ ժապաւէնը արցախեան փոքրիկ գիւղի մը մէջ ապրող երեք պատանիներու կեանքի մէկ օրուան արկածախնդրական եւ դժուար պատմութիւնն է` նոր սկսող պատերազմի ժամանակ: Ան յայտնեց, որ ժապաւէնը թէեւ մէկ ամբողջութիւն է, սակայն բաղկացած է երեք հիմնական մասերէ, որոնց հերոսները պատանիներ են` Արամը, Աստղիկը եւ Թեւանիկը` իւրաքանչիւրին մասին ընդհանուր եւ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցելով:

Նորա Բարսեղեան ըսաւ, որ հետաքրքրականն ու կարեւորը այն է, որ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այս բոլոր պատմութիւններուն լսողաց չէ եղած, այլ ականատես դարձած է, ի՛նք ապրած է արցախեան պատերազմի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն: Ան կարեւոր քայլ նկատեց այս ժապաւէնի ցուցադրութիւնն ու անոր ստեղծած մեծ հետաքրքրութիւնը Քաննի շարժապատկերի փառատօնին մէջ, ուր ներկայ էին մասնագէտներ, արտադրիչներ, համաշխարհային շարժապատկերի փառատօներու ներկայացուցիչներ` աւելցնելով, որ այս ցուցադրութիւնը ազրպէյճանական պաշտօնական եւ տեղեկատուական զայրոյթին ու բողոքին արժանացաւ:

«Թեւանիկ»  ժապաւէնին ընդմէջէն պատերազմական առօրեան, արցախցիներուն գոյատեւումն ու մեր սրբազան պայքարը կը ներկայացուին ձեզի, ժապաւէնը դիտողը անգամ մը եւս կը համոզուի, որ ազատագրուած սրբազան հողերուն տէրն է իւրաքանչիւր հայ, որ ինչ ալ ըլլան պայմաններն ու դժուարութիւնները, սուղ գինով այդ բոլորին տէր դարձած հայը երբեք պատրաստ չէ իր զաւակներուն արեամբ ձեռք բերուած հողերէն զիջելու, զէնքը վար դնելու եւ յանձնուելու», եզրափակեց Ն. Բարսեղեան:

Ապա ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտեցին «Թեւանիկ»  ժապաւէնը: