Յունաստանի Խալքիտիքիի ամարանոցը ՀՕՄի 5 ամարանոցներէն մէկն է…..որ արդէն 25-րդ շարունակական տարին ըլլալով, իր դռները բացաւ 9- 27 Յուլիս 2014 –ին , հիւրընկալ գիրկին մէջ ընդունելով աւելի քան 100 պատանի- պարմանուհիներ Աթէնքէն , Գոքինիայէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն :
ՀՕՄ-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւը եւ հոգատարութիւը վայլող սոյն ամարանոցը հայապահպանման եւ ազգային դաստիարակութեան նպաստող կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է , ուր դաստիարակչական-զուարճանքի պահերով լեցուն երեք շաբթուայ ծրագրի մը վրայ, ներառնուած էին նաեւ ծովու լոգանքի, պտոյտներու, դասախօսութիւններու, երգի ու պարի ուսուցման եւ ընկերային երեկոներու ժամեր:
Այս տարի Լիբանանահայ 11 պարմանուհիներ եւ օգնական մը, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ-ի ) Շրջանային Վարչութեան օժանդակութեամբ եւ կազմակերպութեամբ մասնակցեցան սոյն ճամբարին:
‘’Ամարանոց 2014’’ –ի պաշտօնական փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 26 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7-ին:
ԼՕԽ-ի պարմանուհիները մեծ գոհունակութեամբ եւ յիշատակներով լեցուն
Լիբանան վերադարձան 28 Յուլիս 2014–ին:
Վարձքը կատար բոլորին:
























































