Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ Վարդուհի Տեքերմենճեանին հինգշաբթի, 16 մայիսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ Պոլրում» սրահին մէջ «Հայ մօր տարուան» առիթով տեղի ունեցաւ ԼՕԽի յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպած հայ մօր նուիրուած յատուկ հաւաքոյթը: Հաւաքոյթին ներկայ էին Ճափոնի եւ Յունաստանի դեսպաններուն կիները, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան անդամ հայ նախարարներուն կիները`…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած Համբարձման եւ Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 16 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Քէօյլեանի եւ 70 հրաւիրեալներու: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան, որ ներկաներուն բացատրեց զոյգ տօներուն իմաստը. ան շնորհակալական խօսք ուղղեց…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 15 մայիս 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինչպիսի՞ վերաբերում ունենալ բարդ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներու հետ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբան Անիթա Փափազ: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման…
ԱւելինՑՕՂԻԿ 1983-ի տագնապալի օրերուն, երբ ամբողջ Լիբանանը կ՛ապրէր դժնդակ պայմաններ, ժամանակն էր որոշելու ուսման ճանապարհս, սակայն քաղաքական եւ ընտանեկան հանգամանքները ձեռնտու չէին նման քայլ առնելու: Յուսահատ եւ անորոշ վիճակիս մէջ տեղեկացայ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ձեռագործի (Մարաշի ասեղ) դասընթացքին մասին: Պարապութիւն մը լեցնելու եւ անորոշութիւնս փարատելու նպատակով կը դիմեմ` սորվելու որեւէ…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչին բազմաճիւղ ու բազմերանգ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին ծառայելու նախանձախնդրութիւնը հայկական թէ տեղական շրջանակներուն կը ծանօթացուի յարաբերական լայնածաւալ աշխատանքով, որ լիբանանեան տագնապի օրերէն եւ ամբողջ քառասնամեակ մը նաեւ ընդգրկեց ու կը շարունակէ ընդգրկել արտասահմանեան օտար բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ Լիբանանի մէջ գործող օտար դիւանագիտական…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Մայրերու օրուան» նուիրուած հաւաքոյթ-ճաշը, «Ռիփապլիք» ճաշարանին մէջ, Զալքա: Մուտքին մայրերը ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկներու թաղարներ, «Նիվեա» եւ «Նեսքաֆէ» հաստատութիւններու այլազան արտադրութիւններ եւ նուէրներ: Քայլերգներու…
ԱւելինԱռաջին անգամ ըլլալով Աւստրալիոյ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնած Սեմինար շրջապտոյտը 1-16 Մարտ , 2013ին, ուր ներկայ գտնուեցան Գանատայէն 13, Անգլիայէն 5, Լիբանանէն 7 ՀՕՄուհիներ և բարեկամներ ու նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Վիգի Մարաշլեանը, ընդամէնը 26 հոգի: Հակառակ որ թիւը շատ քիչ էր մասնակցողներուն, սակայն ընդհանուր տրամադրութիւնները և մթնոլորտը շատ բարձր…
ԱւելինՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Տուին ուզելով… Տուին ժպիտով… Տուին սրտով… Ապրիլի կիսուն թակեցի դռները (հետեւելով տրուած անուանացանկին)` որոշ երկիւղածութեամբ ու երկչոտութեամբ, բայց մեկնեցայ այդ տունէն շատ մեծ գոհունակութեամբ: Մէկը ըսաւ` - Մերսի քեզի… Միւսը` - Հինգշաբթի կը սպասէինք քեզ: - Աղջիկս ալ կ՛ուզէ մասնակցիլ… - Տուածս բաւարա՞ր է… Անկուշտ ագահութեամբ կը մտնէի տուն` ճերմակ թղթէ պահարանիս բովանդակութիւնը ստուգելու համար, կը լեցուէր ու կը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Իզապէլ Տեկիրմենճեանի եւ հովանաւորութեամբ Պ. Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն, նաեւ` գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, զոյգ քաղաքապետներուն եւ օրուան նախագահուհիին կողմէ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայկական տոհմիկ օր»-ուան տօնավաճառին: Բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Յովհաննէսեան…
ԱւելինՎերջին քանի մը տարիներուն ընթացիկ երեւոյթ դարձած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կազմակերպած տօնավաճառը: Այս տարի եւս, անցնող օրերուն նման, լիբանանահայութեան սրտին` Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ականատես եղանք «Հայկական տոհմիկ օր»-ուան ձեռնարկի մը, որ շատերու իսկ վկայութեամբ լաւ կազմակերպուած եւ հայկականութիւն բուրող տօնավաճառ մըն էր: Այդ օր իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Ուրբաթ, 10 մայիս, Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի ակումբին մէջ շատ համակրելի, տաքուկ, մտերմիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ: Սեղաններուն վրայ` գարնան եղանակին բացուող գոյնզգոյն թաղարներ` կարմիր, վարդագոյն, մանիշակագոյնի երանգներով, համով տուրմեր` ամէն մէկ սպասի դիմաց, համադամ ուտելիքներ` ԼՕԽ-ականներուն կողմէ պատրաստուած: Շաղիկ Մկրտիչեանի խանդավառ ներկայութիւնը ինքնին հիւրասիրութիւն մըն էր. ան կարդաց Զ. Խրախունիէն…
ԱւելինՈւրբաթ 10 Մայիս 2013-ին, , յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Ռաուտայի ‘’Շուշի’’ ակումբին եւ Ֆանարի ‘’Էտկար Ակնունի’’ ակումբներուն մէջ տեղի ունեցաւ արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ շրջանի պատկան մարմնի ներկայացուցիչներուն եւ ԼՕԽ-ի «Ջաւօ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ( Ժպէյլ ), 9 Մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ սոյն ձեռնարկը , Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Մուտքին ներկաները ստացան ծաղիկներ եւ նուէրներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկերուհի Լուսին Պէզճեանը, շնորհաւորելով…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիս 2013-ին կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկրային հիւանդութիւններու» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց բեկաբոյժ վիրաբոյժ` տոքթ. Փետրօ Նախլէն: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 7 մայիս 2013-ի կէսօրին, ԼՕԽ-ի Ռաուտայի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ շրջանի մայրերուն նուիրուած ձեռնարկ մը Ժտէյտէի «Ուէլ Քաֆէ»-ին մէջ: Իւրաքանչիւր ժամանողին նուիրուեցան փոքր անձեռոցներ` ի յարգանք մայրերուն: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` վեր առաւ հայ մօր դերը հայ ընտանիքին…
ԱւելինՈւրբաթ, 3 մայիս 2013-ին, առաւօտեան Արագածի շրջանի Ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահը լեցուն էր հայ մամիկներով: Այդ օրը ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղը նշեց «Մայրերու օր» ձեռնարկը: Մասնաճիւղին վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայած էր իրագործելու համար այս ձեռնարկը: Սրահի մուտքին բոլոր ներկաներուն մատուցուեցան նուէրներ: Սեղաններու վրայ զետեղուած փոքրիկ թաղարներուն ծաղիկներուն բոյրը տարածուած էր սրահին մէջ: Օրկանիստ Սեդօ Պաղտասարեանին…
ԱւելինԳարեգին Նժդեհ Ակումբին մէջ (Զալքա) եւ Աղբալեան Մարզամշակութային Համալիր (Անթիլիաս) 3 Մայիս 2013-ին, , յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Զալքայի ‘’Գարեգին Նժդեհ’’ ակումբին եւ Աղբալեան Մարզամշակութային համալիրի (Անթիլիաս) մէջ տեղի ունեցաւ արեանխմբաւորման ցանկագրումի արշաւ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնինախազգուշական…
Աւելին26 ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:30, Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղերու: OTV Հայկական լուռերու բաժինը նկարահանելով, յատուկ…
ԱւելինԼիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղերու ընկերուհիները իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայոց Ցեղասպանութեան 98- ամեակին առիթով կազմակերպուած հսկումին եւ Ապրիլեան Նահատակաց Ոգեկոչումին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր ԼՕԽ -ի անունով Ծաղկեպսակ զետեղեցին Անթիլիասի Նահատակաց յուշարձան մատուռին առջեւ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան ժողովրդային քայլարշաւին Պուրճ Համուտի հրապարակէն դէպիՊէյրութի Նահատակաց Հրապարակ 24…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 22 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9:30¬ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ հանդիպում մը` բեմադրիչ Գարմէն Լապաքիի հետ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, թէ 98 տարի առաջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեամբ թուրքը կարծեց, որ հայութեան…
ԱւելինԿիրակի, 21 Ապրիլ 2013ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին, Այնճարի ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ֆիլհաննէսեան կեդրոնէն ընթացք առաւ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբին եւ Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերա-բժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած Արեան խմբաւորման ցանկագրումին արշաւը:Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն կեդրոն ժամանած էին ԼՕԽի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգռաբթի 18 ապրիլ, 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ճաշարան «Մշարապիէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակի նշում: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց…
ԱւելինԼՕԽ-ը իր առաքելութեան մայր հունին մէջ անշահախնդիր ծառայութեամբ, գիտակից նախաձեռնութեամբ եւ ազնիւ պատասխանատուութեամբ, հարթելով ամէն դժուարութիւն` թիկունք կը կանգնի իր ազգին զաւակներուն անխտիր: ԼՕԽ-ի հիմնական հոգատարութիւնը եղած է հայ մանուկին շրթունքին վրայ դրոշմելու հայուն մեծասքանչ բարբառը եւ հայ պատանին հասցնելու իր բարձրագոյն ուսման: Ամէն տարի ապրիլ ամսուն, ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրուան առիթով, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը…
Աւելին


















