Ուրբաթ 10 Մայիս 2013-ին, , յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Ռաուտայի ‘’Շուշի’’ ակումբին եւ Ֆանարի ‘’Էտկար Ակնունի’’ ակումբներուն մէջ տեղի ունեցաւ արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ շրջանի պատկան մարմնի ներկայացուցիչներուն եւ ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ » , «Հեղուշ Փափազեան», ’’ Հռիփսիմէ Սասունի‘’ եւ ‘’Արազ‘’ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:
Արշաւի ընթացքին շրջանին մէջ գտնուող հայրենակիցներ ,ընկերներ եւ կամաւորներ ներկայացան ակումբ եւ արձանագրեցին իրենց անունները, որպէսզի ապագային ըլլան արիւն տուողներ ,Իսկ անոնք, որոնք իրենց արեան խմբաւորումը չէին գիտեր, անվճար արեան խմբաւորման քննութիւն ստացան:
Վարձքը կատար բոլորին







