Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ Վարդուհի Տեքերմենճեանին հինգշաբթի, 16 մայիսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ Պոլրում» սրահին մէջ «Հայ մօր տարուան» առիթով տեղի ունեցաւ ԼՕԽի յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպած հայ մօր նուիրուած յատուկ հաւաքոյթը:
Հաւաքոյթին ներկայ էին Ճափոնի եւ Յունաստանի դեսպաններուն կիները, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան անդամ հայ նախարարներուն կիները` Սալմա Սապունճեան եւ Ցողիկ Մանճեան եւ շուրջ երկու հարիւր ԼՕԽ-ի վեհ առաքելութեան հաւատացող կիներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Սամուէլեան, որ վեր առաւ հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը զաւակներու դաստիարակութեան մէջ` կերտել կարենալու համար իրենց պատկանելիութեամբ հպարտ եւ յանձնառու սերունդներ. ան աւելցուց, որ ԼՕԽ-ը յանձն առած է ազգին բոլոր կարօտեալ զաւակներուն հոգածութիւնը, ըլլան անոնք ուսանողներ, ծերեր կամ հիւանդներ: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ սոյն ձեռնարկի յաջողութեան սատարողներուն:
Ապա Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան: Ան նշեց, որ ԼՕԽ-ը պատահականութեան մը ծնունդը չէր, այլ կարիքի, եւ ԼՕԽ-ի վեհ առաքելութիւնը կ՛ամփոփուի երկու բառով` «Ծառայել ազգին»: Ան յիշելով վեհափառ հօր կողմէ 2013-ը «Հայ մօր տարի» հռչակուիլը ըսաւ, թէ` «հայը հայ մնաց հայ մայրով` անցեալի, ներկայի եւ ապագայի դժուարութեանց եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց»: Ան զգուշացուց ներկաները զգաստ ըլլալու զիրենք շրջապատող խաբուսիկ պատրանքներէն եւ կոչ ուղղեց պահպանելու մեր քաղցրահունչ լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները` աւելի եւս զօրավիգ կանգնելու «ԼՕԽ-ին, որ անկարելին կը դարձնէ կարելի` ժողովուրդէն առնելով, ժողովուրդին տալով»: Ապա շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Մայրերու օրուան առիթով եւ մաղթեց, որ ԼՕԽ-ին հետ միասնաբար նուաճեն նոր գագաթներ:
Անգլերէնով խօսք առաւ յարաբերական յանձնախումբի անդամ Ալին Օհանեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց յանձնախումբի գործունէութեան դաշտն ու նպատակը, որ կը ձգտի ապահովել հայ ուսանողին եւ կարիքաւորին կատարուելիք յատկացումները:
Ձեռնարկին ընկերացան սաքսոֆոնի քաղցր երաժշտութիւն եւ աշուղական երգեր. կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Սրահին մէջ ցուցադրութեան դրուած էին 12 գեղանկարներ. շատ շուտով ի յայտ եկաւ, թէ անոնք վիճակահանութեան նուէրներ էին: Կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն, ապա ներկաները գոհ սրտով մեկնեցան իրենց հետ տանելով ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի պատրաստած «Հայկական աւանդութիւններու գրքոյկ»-ը եւ յարաբերական յանձնախումբի պատրաստած բուրումնաւէտ նարկիզներու փոքրիկ թաղարները:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ










