Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղերու ընկերուհիները իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայոց Ցեղասպանութեան 98- ամեակին առիթով կազմակերպուած հսկումին եւ Ապրիլեան Նահատակաց Ոգեկոչումին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր ԼՕԽ -ի անունով Ծաղկեպսակ զետեղեցին Անթիլիասի Նահատակաց յուշարձան մատուռին առջեւ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան ժողովրդային քայլարշաւին Պուրճ Համուտի հրապարակէն դէպիՊէյրութի Նահատակաց Հրապարակ 24 Ապրիլ 2013-ին :
“Պիտի Քալենք Դէպի Արդար Հատուցում”














