Արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ (Այնճար)

Կիրակի, 21 Ապրիլ 2013ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին, Այնճարի ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ֆիլհաննէսեան կեդրոնէն ընթացք առաւ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբին եւ Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերա-բժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած Արեան խմբաւորման ցանկագրումին արշաւը:Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն կեդրոն ժամանած էին ԼՕԽի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Սօսի Սաղըրեան, Առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի Յասմիկ Մըկըրեան , ինչպէս նաեւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Կարօ Փամպուքեան եւ «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Նկատելի էր երիտասարդութեան եւ տարբեր տարիքի պատկանող հայրենակիցներու գիտակից եւ խանդավառ պատրաստակամութիւնը , որոնք խիտ շարքերով կամաւորաբար եկան եւ ցանկագրուեցան այս հաւաքական արշաւին՝ քաջ գիտակցելով որ իրենց նուիրուածութեամբ օգտակար պիտի դառնային հիւանդի մը, ինչպէս նաեւ հարկ եղած ժամանակին իրենք պիտի ըլլային օգտուողը:
Ընդհանուր պատկերը կը ներկայացնէր համայնքային, միութենական եւ հաւաքական ճիգի մը արգասիքը, ինչպէս կը վկայէր Սօսի Սաղըրեան եւ կը հաստատէր, թէ ԼՕԽի պատգաւորական ժողովէն բխած եւ Շրջանային Վարչութեան եւ«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախաձեռնած արշաւը իր հայեցակէտի յաջող նախաքայլը կը թեւակոխէր:

Իսկ, Առողջապահական Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Յասմիկ Մըկըրեան խօսելով նախապատրաստական աշխատանքներու մասին, ան բարձր գնահատեց միասնակամ աշխատելաձեւն ու խորհրդակցութիւնները, որուն իբրեւ արդիւնք բիւրեղացաւ տուեալ ձեռնարկութիւնը: Ներկայացնելով քարոզչական աշխատանքները,ան ըսաւ,որ կատարուած հրատարակութիւններն ու վանայ Ձայնի սփռած բազմատեսակ յայտագիրները՝ մեծապէս նպաստեցին, ժողովուրդին մէջ ստեղծելով մասնակցութեան ոգին:

Ապա Այնճարի ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ Մատլէն Խօշեան գնահատեց Այնճարի քաղաքապետութեան զօրակցութիւնն ու հայրենակիցներուն խանդավառութիւնը, որոնք Պէյրութէն թէ Այնճարէն փութացին կեդրոն եւ նպաստեցին այս արշաւին: Ան հաստատեց, որ 200 հայորդիներ մասնակցեցան ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւին, եւ մաղթեց որ բոլոր հայորդիները նոյն խանդավառութեամբ ու գիտակցութեամբ նպաստեն այս նախաձեռնութեան:

Ցանկագրունի արշաւը վերջ գտաւ կէսօրուան ժամը 2:00ին: