Առաջին անգամ ըլլալով Աւստրալիոյ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնած Սեմինար շրջապտոյտը 1-16 Մարտ , 2013ին, ուր ներկայ գտնուեցան Գանատայէն 13, Անգլիայէն 5, Լիբանանէն 7 ՀՕՄուհիներ և բարեկամներ ու նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Վիգի Մարաշլեանը, ընդամէնը 26 հոգի:
Հակառակ որ թիւը շատ քիչ էր մասնակցողներուն, սակայն ընդհանուր տրամադրութիւնները և մթնոլորտը շատ բարձր էր, յատկապէս գաղութի անդամուհիներուն և համակիրներուն մեջ:
Լիբանանի պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին հետեւեալ ընկերուհիները՝
Ցոլինէ Խաչատուրեան ( ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ )
Ծովիկ Մխիթարեան
Շողիկ Թորոսեան
Սոնա Գուճանեան
Ծովիկ Մխճեան
Հրաւիրուած էին գաղութի Բարեխնամ Առաջնորդն ու քահանաները, շրջանիԿոմիտէի ներկայացուցիչ ընկերներ, կարավառական դէմքեր, Երեսփոխաններ, Councilerներ, Լեռնային Ղարաբաղի Աւստրալիոյ մնայուն ներկայացուցիչը, գաղութի քոյր միութիւններու շրջանային և մասնաճիւղերու վարչութիւնները, ՀԱՍԳ Ճեմարանի տնօրէն Պրն Նշան Պասմաճեանը, մամլոյ պատասխանատու անձնաւորութիւնները,, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, հոծ բազմութեամբ ՀՕՄուհիներ, համակիրներ, և հրաւիրեալ հիւրեր, որոնք ներկայ գտնուեցան պատմական այս գեղեցիկ համագումարի բազման հանդիսութեան:
Խօսք առին Շրջանի ՀՅԴ Դրօ Առանձնակի Կոմիտէե ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեանը շնորհաւորելով և յաջողութեան մաղթանքներով վեր առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան տարած աշխատանքն ու ներկաութիւնը մեր գաղութին մէջ հայ կեանքէն ներս:
Խօսք առաւ նաեւ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութիւնը , որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհին: Ընկերուհին տուաւ հակիրճ տեղեկութիւն Կեդրոնական Վարչութեան ապագայի եւ անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներէն մին Սուրիահայութեան ներկայ ծանր տագնապներուն եւ պայմաններուն մասին, ու նաեւ շնորհաւորական խօսքը:
Հրաւիրուեցաւ գաղութիս բարեխնամ Առաջնորդ Հայկազուն Սրբազան Նալպանտեանը զոր անդրադարձաւ հայ կնոջ եւ հայ մօր պարտականութիւնները հայ կեանքէն ներս եւ մանաւանդ Հայ Օգնութեան Միութեան կարեւորութիւնը եւ գործունէութիւնը այժմէական մեր կեանքէն ներս, քաջալերելով ու գնահատելով Հայ Օգնութեան միութեան անդամներուն նուիրական աշխատանքը:
Այս 15 օրեայ ծրագիրը կը ընդգրկէր երկօրեայ դաստիարակչական սեմինարը, ուր ծրագրուած էր թիւով եօթը դասախօսութիւններ որոնք էին՛
Ա. Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի նախարարուհի եւ հպարտութեամբ կը յայտարարենք ՀՕՄուհի ընկերուհի Գլատիս Պէրէճիգլեան (Minister for Transport) , որուն նիւթն էր Հայ կնոջ դերը քաղաքական դէմայով:
Ընկերուհին խիստ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց աստիճանաբար նախարարական եւ ժողովրդավարական յարաբերութիւններն ու աստիճանաւորումները, եւ ինչպիսի աշխատանքներ կը տանի ինքը որպէս Հայ:
Բ. Տիկ Թենի Պէրպէրեան Barrister “Գաւազանակիր Իրաւաբան Փաստափան” որուն նիւթն էր Արդի կամ արդիանականացած կինը խորագրով: Բացատրելով ներկայիս կիներու պատասխանատութիւնները (որպէս կին, մայր, աշխատող, միութենական եւ մանաւանդ ներկայիս կին դասակարգի պատասխանու կարողութիւնները իրենց աշխատանքային եւ մանաւանդ բարձրաստիճան պատասխանատու առօրեայ կեանքը:
Գ. Մասնագէտ բժիշկ Էլիաս Նասըր, փրօֆէսօր քաղցկէղի և ռատիօթէրափիի:
Իր համեստ ու հանդարտ մօտեցումով զանազան տեսակի քաղցքէղի մասին խտասալիկներով բացատրեց թէ ինչ է քաղցքէղը, ինչքան վատ ազդեցութիւն ունի, ինչ կրնանք ընել և ինչպէս կարելի է դիմագրաւել կամ յաղթահարել կամ ազատիլ:
Դ. Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Աւստրալիոյ շրջանին Կիներու ներկայացուցիչ տիկին Սու Գօնտի ելոյթ ունեցաւ իր մասնագիտութեան աշխատանքէն: Մանրամասն տեղեկութիւններով բացատրեց Կիներու մասնակցութիւնը եւ դերը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ:
Ե. Շարմէն Ֆրայզըր: Ելոյթ ունեցաւ չափազանց խիստ ու հետաքրքրական The Impact of Autism on Families & Our Community: Այս նիւթը վերջերս կեանքի դժուարութիւնները յատկապէս երեխաներու մէջ ինչպէս կարելի է նշմարել, և ինչքան դժուար է ծնողքի մը ընդունակութիւնը որ կը պարտադրէ ծնողքի մը հոգատարութիւնը զաւկին ունեցած մտային անկարողութիւնը և տկարութիւնը որոնք կրնան մինչև իրենց կեանքին վերջը տարապիլ այս հիւանդութիւնէն և որուն համար դժբախտաբար ներկայիս չկայ որեւէ բուժում կամ դառմանում: Այսպիսի հիւանդութիւններուն կըսեն անգլերէնով Life Long developmental disability:
Զ. Հոգեբոյժ Զոհրապ Պալեան հետաքրքական ձեւով ելոյթ ունեցաւ «կեանքի դժուարին ու վնասվածքային (Trauma) իրադարցութիւնները ինչպէս կ՛ազդեն կեանքին,և միջոցներ գործադրել յաղթահարելու զանոնք»:
Ե. Վերջին հիւր դասախօսն էր գաղութիս Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի պատասխանատու ընկեր Վաչէ Գահրամանեան: Ընկերը լաւագոյն ձեւով ներկայացուց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն մասին, քոյր միութիւններուն եւ յատկապէս Հայ Օգնութեան Միութեան հէտ փոխ յարաբերական մտերմիկ եղանակով աշխատելակերպին մասին տուաւ մանրամասն տեղեկութիւններ:

















