Արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ Թիւ3

Գարեգին Նժդեհ Ակումբին մէջ (Զալքա) եւ Աղբալեան Մարզամշակութային Համալիր (Անթիլիաս)

3 Մայիս 2013-ին, , յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Զալքայի ‘’Գարեգին Նժդեհ’’ ակումբին եւ Աղբալեան Մարզամշակութային համալիրի (Անթիլիաս) մէջ տեղի ունեցաւ արեանխմբաւորման ցանկագրումի արշաւ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնինախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ շրջանի պատկան մարմնի ներկայացուցիչներուն եւ ԼՕԽ-ի «Անի » , «Աղաւնի Փափազեան», ’’ Արցախ‘’ , ‘’Գայանէ ‘’ , ‘’Նայիրի ‘’ եւ ‘’Սեւան ‘’մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:

‘’’ Այսօր արիւն տուողը կրնայ օր մը ինք ստացողը ըլլալ”’

‘’’ Արիւն տալը ընկերային եւ ազգային պարտականութիւն է’’’

Արշաւի ընթացքին շրջանին մէջ գտնուող հայրենակիցներ ,ընկերներ եւ կամաւորներ ներկայացան ակումբ եւ արձանագրեցին իրենց անունները, որպէսզի ապագային ըլլան արիւն տուողներ ,Իսկանոնք, որոնք իրենց արեան խմբաւորումը չէին գիտեր, անվճար արեան խմբաւորման քննութիւն ստացան:

Վարձքը կատար բոլոր մասնակիցներուն:

Յաջորդ ցանկագրումը տեղի պիտի ունենայ 10 Մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-9:00, «Շուշի» ակումբ (Ռաուտա), ‘’Էտկար Ակնունի ‘’ ակումբ (Ֆանար) գործակցութեամբ` ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ», «Հեղուշ Փափազեան», «Հ Սասունի» եւ «Արազ» մասնաճիւղերուն:

Սիրելի՛ հայրենակից, ընդառաջէ՛ ԼՕԽ-ի կոչին եւ փութա՛ արձանագրուելու: