26 ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:30, Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղերու:
OTV Հայկական լուռերու բաժինը նկարահանելով, յատուկ անդրադարձաւ սոյն արշաւին ինչպէս նաեւ հայկական ռատիօ կայանի ''Վանայ Ձայնը Ձեր Հիւրը '' յայտագիրը ուղիղ սփռուեցաւ ակումբէն ուր իրենց մասնակցութիւնը բեռելով խօսք առին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, առողջապահական յանձնախումբի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբէն Թագուհի Ատալեան, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեան, նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու Վերժին Խորշիտեան, «Ռուբինա» եւ «Աշխէն» մասնաճիւղերու ատենապետուհիներ,շրջանի պատկան մարմնի եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներ Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ (Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ):
Օրուան ընթացքին շրջանին մէջ գտնուող հայրենակիցներ ,աշակերտներ եւ կամաւորներ ներկայացան «Սարդարապատ» ակումբ եւ արձանագրեցին իրենց անունները, որպէսզի ապագային ըլլան արիւն տուողներ. անոնց կարգին էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ այլ 250 անձեր: Իսկ անոնք, որոնք իրենց արեան խմբաւորումը չէին գիտեր, անվճար արեան խմբաւորման քննութիւն ստացան:
Արիւն տալը ընկերային եւ ազգային պարտականութեան կողքին ,կեանք մը փրկելու նպատակով անվնաս ,ազնիւ եւ կամաւոր մարդասիրական արարք մըն է:
Վարձքը կատար բոլոր մասնակիցներուն:
Յաջորդ ցանկագրումը տեղի պիտի ունենայ 3 մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-9:00, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, գործակցութեամբ` ԼՕԽ-ի «Արցախ», «Գայեանէ», «Նայիրի» եւ «Սեւան» մասնաճիւղերուն, իսկ Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ նոյն օրը եւ նոյն ժամուն, գործակցութեամբ` ԼՕԽ-ի «Անի» եւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղերուն:
Սիրելի՛ հայրենակից, ընդառաջէ՛ ԼՕԽ-ի կոչին եւ փութա՛ արձանագրուելու:


























